Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչելու Կոչ

Թրքական «Ո՛չ ըսէ ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան» («Տուրտէ») եւ Ամերիկայէն «Նախագիծ 2015» խմբակցութիւնները Դեկտեմբեր 8-ին յայտարարած են, թէ թուրք եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններ միասին աշխատանքի լծուած են՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշելու 2015 Ապրիլ 24-ին, կոչ ուղղելով, որ աշխարհի չորս կողմերէն հայեր ներկայ ըլլան: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակոս»-ը:
Օսմանեան ղեկավարութեան կողմէ դար մը առաջ կազմակերպուած դիտաւորեալ արշաւը պատճառ դարձաւ այդ պետութեան հայ քաղաքացիներու լայն մեծամասնութեան մահուան եւ տարագրութեան:
Թէեւ թրքական խմբաւորումներ վերջին քանի մը տարիներուն ոգեկոչական ձեռնարկներ կազմակերպած են Պոլսոյ մէջ, «Տուրտէ» եւ «Նախագիծ 2015» ընկերակցութիւնները աշխատանք կը տանին արտասահմանէն մեծաթիւ հայերու մասնակցութիւնը ապահովելու՝ Թուրքիոյ մէջ կատարուելիք այս պատմական յիշատակումին:
«Համայն աշխարհի հայերը կը հրաւիրենք եւ կը քաջալերենք, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն հետ մէկտեղուին, մասնակցելու համար Պոլսոյ մէջ կատարուելիք այս ոգեկոչական միջոցառումներուն»,- ըսած է «Տուրտէ» խմբակցութենէն Լեւոնթ Սոնսեւոր՝ աւելցնելով. «Իբրեւ թուրքեր, մեր զօրակցութիւնը կ՛ուզենք արտայայտել հայերուն՝ մինչ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք այս ահռելի ոճիրի զոհերուն եւ վերապրողներուն՝ ճնշում բանեցնելով նաեւ մեր կառավարութեան վրայ, որպէսզի ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը»:
Պոլսոյ ձեռնակներու շարքին, Ապրիլ 24-ի երեկոյեան հանրահաւաք մը պիտի կատարուի Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Յիշատակի արարողութիւն մը նաեւ տեղի պիտի ունենայ Շիշլիի Հայ առաքելական գերեզմանատան մէջ, ուր թաղուած է Սեւակ Շահին Պալըքճին՝ թրքական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր մը, որ թուրք զինուորի մը կողմէ սպաննուեցաւ 2011էի Ապրիլ 24էին:
Ծրագրուած ձեռնարկներուն շուրջ տեղեկութիւն կարելի է ստանալ՝ այցելելով www.armenianproject2015.org կայքը:
«Որպէս հայեր, Պոլիս կ՛երթանք յիշատակելու համար մեր ընտանեկան անդամներու վայրագ ջարդը ու աշխարհին յիշեցնելու, թէ հարիւր տարի ետք մենք տակաւին արդարութիւն եւ հաշուետուութիւն կը պահանջենք թուրք կառավարութենէն»,- ըսած է Սառա Լի Ուիթսըն՝ «Նախագիծ 2015»ի վարչական մարմինի անդամներէն: «Մեզմէ շատերուն համար ասիկա առաջին վերադարձը պիտի ըլլայ դէպի մեր նախնիներու հողերը, ուր անոնք հազարամեակներ ապրած էին մինչեւ իրենց սպանութիւնն ու արտաքսումը՝ ասկէ հարիւր տարի առաջ»:
Հայոց Ցեղասպանութեան քն-նարկումը տակաւին մեծ դիւրազգացութիւն պատճառող նիւթ է Թուրքիոյ մէջ եւ ենթակայ՝ քրէական պատժամիջոցներու: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարուած ակնարկութիւններուն պատճառով, թուրք կառավարութիւնը դատի տուած է լրագրողներ, գրողներ եւ ակադեմական անձնաւորութիւններ: Այնուհանդերձ, վերջերս Պոլսոյ մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներ կայացած են առանց միջադէպերու՝ միաժամանակ վայելելով քաղաքապետական ոստիկանութեան պաշտպանութիւնը:
2014-ին, օրուան վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց «քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերու» թոռներուն, սակայն թերացաւ ճանչնալու համակարգուած կերպով այդ կորուստները պատճառող Օսմանեան կառավարութեան դերը:
«Որպէս թուրքեր, ճիգ կը թափենք ընդլայնելու համար տարածքը, ուր կը վիճարկուին այն դէպքերը, որոնք հասցուցին մեր շրջանի բնիկ հնագոյն համայնքներէն մէկուն գրեթէ ամբողջական կործանումին»,- նշած է Սենսեւեր՝ նշելով. «Կ՛ուզենք աշխարհին ցոյց տալ, որ մինչ թրքական կառավարութիւնը կրնայ տակաւին պատրաստ չըլլալ առերեսուելու այս երկրի անցեալին հետ, մենք՝ որպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ, արդէն իսկ պատրաստ ենք»:
«Տուրտէ» քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքներով զբաղող գլխաւոր կազմակերպութիւններէն է Թուրքիոյ մէջ ու կը պայքարի ցեղապաշտութեան, ազգայնապաշտութեան եւ ատելութեան ոճիրներուն դէմ: Անիկա գործիչներու ցանց մըն է, որ վերջին տարիներուն կարեւոր դեր ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման՝ Պոլսոյ ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ:
«Նախագիծ 2015» Ամերիկայի մէջ գործող ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է՝ բաղկացած հայերէ, թուրքերէ եւ ամերիկացիներէ, նպատակ ունենալով լայն մասնակցութիւն ապահովել Պոլսոյ մէջ կատարուելիք ոգեկոչական ձեռնարկներուն:
«Խորապէս իմաստալից փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչել այն վայրին մէջ, ուր ոճիրները գործադրուեցան», կ՛ըսէ Նենսի Գրիգորեան՝ «Նախագիծ 2015»ի վարչական մարմինի անդամներէն: «Պոլսոյ մէջ մեր ներկայութիւնը ջնջումին ու ժխտողութեան հանդէպ դիմադրութեան ձեւ մը պիտի ըլլայ»: