Տեղի Ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Կազմակերպած §Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Եւրոպայի Մէջ Գործող Տարածաշրջանային Յանձնախումբերու Ղեկավարներու Եւ Ներկայացուցիչներու» Հաւաք–Հանդիպումը

Այսօր` ապրիլ 5-ին, Պրիւքսէլի §Հայ տուն» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած §Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող, Եւրոպայի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու» հաւաք–հանդիպումը, որուն Հայաստանի Հանրապետութենէն կը մասնակցէին ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Յասմիկ Պօղոսեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Եւրոպական երկիրներու` Աւստրիոյ, Պելճիգայի, Պուլկարիոյ, Էսթոնիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Լաթվիոյ, Լեհաստանի, Լիթուայի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Մեծ Բրիտանիոյ, Շուէտի, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ հայ համայնքներէն մասնակցեցան 45 ներկայացուցիչներ: Հաւաք-հանդիպման մասնակցեցան Նիտեռլանտներու Թագաւորութեան մօտ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, Գերմանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Վահան Յովհաննիսեան, Ռումանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Համլէթ Գասպարեան, Աւստրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, Պելճիգայի Թագաւորութեան մօտ ՀՀ դեսպան Աւետ Ադոնցը, հոգեւոր առաջնորդներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ելոյթ ունեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան եւ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Յասմիկ Պօղոսեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դոմոյեան, որմէ ետք յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ ՀՀ դեսպանները ներկայացուցին յանձնախումբերու կողմէ իրականացուած աշխատանքները եւ նախատեսուող ձեռնարկները: Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան եւ քննարկում: