ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Տեղակալ Սերժիկ Սրապիոնեան Հանդէս Եկաւ Դասախօսութեամբ Հայաստանի Գիւղատնտեսական Քոլեջին Մէջ

Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժիկ Սրապիոնեան Հայաստանի պետական գիւղատնտեսական քոլեջի հրաւէրով «Հայոց Մեծ եղեռնը եւ Սարոյանը» թեմայով դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ քոլեջի ուսանողներու եւ աշխատակազմի համար: Այս դասախօսութիւնը քոլեջին կողմէ «Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» կազմակերպուած` արեւմտահայ անուանի հասարակական, հոգեւոր եւ մշակութային գործիչներուն նուիրուած յուշ-երեկոներու շարքէն էր:

Ունկնդիրներուն ներկայացուեցաւ 1894-1896թթ ջարդերու արդիւնքով Ֆրեզնօ բնակութեան տեղափոխուած Արմենակ եւ Թագուհի Սարոյեաններու ընտանիքի յետագայ ճակատագիրը, անոնց չորրորդ զաւկի` Ուիլիամի կեանքը: Ներկայացուեցաւ անուանի գրողի մեծ վաստակը, անոր տեղն ու դերը հայ եւ համաշխարհային գրականութեան մէջ:

Ձեռնարկին  աւարտին Հայաստանի գիւղատնտեսական քոլեջի տնօրէն Ռ. Թովմասեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրը ընդունելու եւ հետաքրքիր դասախօսութեան համար:

Scroll Up