Քիմ Քարտաշեան. Քեսապի Մասին «Թոյլ Մի Տաք, Որ Պատմութիւնը Կրկնուի»

Ինչպէս յայտնի է, մարտ 21-ի առաւօտեան սուրիական ընդդիմադիր` «Ճէպհաթ ան-Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման անդամները չորս կողմէ գրոհած են հայաբնակ Լաթաքիա նահանգի վրայ: Անոնք Լաթաքիա  մուտք գործած են Թուրքիոյ տարածքէն: Սուրիական հայաբնակ Քեսապ քաղաքի հայերը համայն աշխարհի հայութեան դիմած են կոչով` խնդրելով անոնց դիմել իրենց երկրի իշխանութիւններուն, ՄԱԿ-ին կամ այլ կառոյցներու` տուեալ խնդիրին միջամտելու համար:

«Փրկենք Քեսապը» կոչը լայն թափ  հաւաքած է համացանցի վրայ, մասնաւորապէս` Twitter –ի եւ Instagram-ի: Խնդիրէն անմասն չէ մնացած յայտնի աստղ Քիմ Քարտաշեան: Ան իր պլոկի բաժանորդներուն յորդորած է տարածել Քեսապի մէջ տեղի ունեցող դէպքերու մասին տեղեկատուութիւնը:

«Եթէ դուք չէք գիտեր, թէ ինչ տեղ կ’ունենայ  Քեսապի մէջ, կը խնդրեմ նայէք Google-ի մէջ: Սա ողբերգութիւն է: Ես հայուհի եմ, մանուկ հասակիս  շատ կը պատմէին հայերու նմանատիպ   ողբերգիկ պատմութիւններ, թոյլ մի տաք, որ պատմութիւնը կրկնուի: Ես կ’աղօթեմ բոլորի համար»,-գրած է Քարտաշեան` օգտագործելով SaveKessab եւ ArmenianGenocide կոչերը:

NEWS.am STYLE

Scroll Up