ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Բարձրագոյն Յանձնակատար Նաւի Պիլայի Պատասխանը ՀՀ ԱԳ Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Նամակին

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու Բարձրագոյն յանձնակատար Նաւի Պիլայը պատասխանած է իրեն հասցէագրուած ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի նամակին, ուր նախարարը խորին մտահոգութիւն  յայտնած էր Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի վերաբերալ:

Նաւի Պիլայն իր նամակին մէջ տեղեկացուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած` Մարդու իրաւունքներու վերահսկման իր խումբը ուշադիր կը հետեւի իրավիճակին եւ արդէն իսկ զրուցած է յարձակումներու հետեւանքով տեղահանուած շարք մը ընտանիքներու հետ:

Պիլայ հաւաստիացուցած է, որ Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը պիտի ներառուի ՄԱԿ Գլխաւոր Քարտուղարի յառաջիկայ զեկոյցին մէջ` համաձայն Անվտանգութեան խորհուրդի 2139 բանաձեւի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին յայտնեցին ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

 

 

 

Scroll Up