Տեղի Պիտի Ունենայ Գալուստ Կիւպէնկեանի Ծննդեան 145-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարտ 21-ին, ժամը 11:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայ բարերարներու ճեմուղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայազգի մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ (հասցէ` Երեւան, Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուած, Մ. Նալբանդեանի արձանի հարեւանութեամբ):
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Եակուբեանի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Առուշ Եսայեանի եւ այլ հիւրերու ուղեկցութեամբ ծաղիկներ պիտի դնեն Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ ճեմուղիի միւս մեծանուն բարերարներու յուշակոթողներուն առջեւ:
Ելոյթ պիտի ունենան ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Էդիկ Մինասեանը եւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Էդուարդ Մելքոնեանը:
Ձեռնարկին պիտի մասնակցին նաեւ Գալուստ Կիւպէնկեանի անուան թիւ 190 աւագ դպրոցի եւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները:
Պիտի մասնակցին համահայկական կազմակերպութիւններու, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, սփիւռքահայեր, սուրիահայ ուսանողներ: