ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կը մեկնարկի ՀՄԸՄ պատգամաւորական 11-րդ ընդհանուր ժողովը

2015թ. ՀՄԸՄ պատգամաւորական 11-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:

Սեպտեմբեր 7-ին, ժ.11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ ժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, Էրեբունի պլազա բ/կ, 9-րդ յարկ, §Էրեբունի» սրահ):

Ելոյթներով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ այլ կառոյցներու ղեկավարներ:

Հանդիսաւոր բացման արարողութենէն յետոյ, մինչեւ Սեպտեմբեր 12 ՀՄԸՄ պատգամաւորական 11-րդ ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ Աղուերանի մէջ:

Scroll Up