Կը Շարունակուի Սփիւռքի Կրթօճախներուն Ուսումնական Գրականութեան Եւ Ուսումնաօժանդակ Նիւթերու Տրամադրման Ծրագիրը

Յարգելի հայրենակիցներ,
Կը տեղեկացնենք, որ 2014 թուականէն սկսեալ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական դպրոցներուն, կրթական հաստատութիւններուն, մանկապարտէզներուն, հայոց լեզուի ուսուցման խմբակներուն, դասարաններուն ուսումնական գրականութեան եւ այլ ուսումնաօժանդակ նիւթերու տրամադրման պետական ծրագիրը կ’իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը:
Դասագիրքերու եւ ուսումնաօժանդակ նիւթերու ձեռքբերումը, որպէս կանոն, կ’իրականացուի կրթական հաստատութիւններու կողմէ ներկայացուող յայտերու հիման վրայ:
Կը խնդրենք հայկական համայնքային կառոյցներէն, հայկական կազմակերպութիւններէն, կրթօճախներէն, կրթական գործի պատասխանատուներէն 2014-2015 ուսումնական տարուան համար անհրաժեշտ նիւթերու յայտերը ներկայացուող ցանկին համապատասխան ուղարկել ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն մինչեւ ս. թ. Ապրիլ 15: Դասագիրքերու, մեթոդական ձեռնարկներու, ուսումնաօժանդակ նիւթերու ծրարին մէջ ներառուած անուանացանկին դիմաց անհրաժեշտ է նշել պահանջուող քանակութիւնը, իսկ ցանկի վերջաւորութեան տեղադրել հաստատութեան կնիքը եւ կառոյցի ղեկավարի, կրթօճախի տնօրէնի ստորագրութիւնը:
Յայտը կը ներառէ `
1.ՀՀ սփիւռքի նախարարի անունով հաստատութեան ձեւաթուղթի (բլանկի) վրայ գրուած դիմումը,
2.պահանջուող ուսումնական նիւթերու վերոնշեալ ցանկը :
Միաժամանակ կ’ուղարկենք կրթօճախներու մասին հարցաթերթիկը եւ կը խնդրենք ուսումնական նիւթերու յայտերն ու լրացուած հարցաթերթիկները ուղարկել ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն հետեւեալ հասցէներով`
ՀՀ, ք. Երեւան, 0010, Վազգէն Սարգսեան 26/1 կամ հետեւեալ էլ. փոստի հասցէներով. gitakrtakan.diaspora@yandex.ru,gitakrtakan-diaspora@mail.ru, mshakuyt.diaspora@mail.ru, mindiaspora@yahoo.com, contact@mindiaspora.am:
Ձեզ հետաքրքրող հարցերով կրնաք դիմել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժին: Հեռ.` +37410 58 56 01 (117):
Դասագիրքերու եւ ուսումնաօժանդակ նիւթերու ձեռբերման համար անհրաժեշտ ուսումնական նիւթերու ցանկը եւ հարցաթերթիկը ներառող ծրարը կը նեկայացնենք կից: