Փետրուար 21-ին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կը Նշէ Մայրենի Լեզուի Օրը
Փետրուար 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի նշէ Մայրենի լեզուի օրը:
5 տարի շարունակ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կը կազմակերպէ մայրենի լեզուի պահպանման ու տարածման ուղղուած ձեռնարկներ:
Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան լաւագոյն գրաւականը մայրենի լեզուի իմացութիւնն ու կիրառումն է: Մայրենիի միջոցով կը պահպանուին եւ սերունդներուն կը փոխանցուին հայեցի լեզուամտածողութիւնը, հայ մշակութային արժէքները, հայ հոգեկերտուածքը:
Փետրուար 21-ին` Մայրենի լեզուի օրը կը մեկնարկեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ տարուան ընթացքին իրականացուելիք ձեռնարկները:
Այս օրը Հայաստանի մէջ կ’իրականացուին հետեւեալ ձեռնարկները.
ժամը 10:00-ին, արդէն ձեւաւորուած աւանդոյթի համաձայն` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` պաշտօնատար անձանց, նախարարութեան աշխատակազմի, վաստակաշատ լեզուաբաններու, մտաւորականներու ուղեկցութեամբ կ’այցելէ Օշական եւ ծաղիկներ կը դնէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին, որմէ ետք ներկայ կը գտնուի Օշականի դպրեվանքին մէջ Մայրենիին նուիրուած ձեռնարկին:
Ելոյթ կ’ունենան Օշական գիւղի դպրոցի աշակերտները, սուրիահայ դպրոցականներ եւ սփիւռքահայ ուսանողներ:
Ժամը 11:30-ին Երեւանի` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին դիմաց ելոյթով հանդէս կու գան մայրաքաղաքի տարբեր դպրոցներու աշակերտներ, այնուհետեւ քայլերթով Մատենադարանէն Մաշտոցի պողոտայով կը շարժին դէպի ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակատեմիոյ շէնքը (Բաղրամեան 24):
Ժամը 12:30-ին ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ կը մեկնարկէ «Արեւմտահայերէնի խնդիրներ եւ հեռանկարներ» խորագիրով քննարկումը:
Ձեռնարկները կ’ամփոփուին ժամը 18:00-ին Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ կայանալիք համերգային ծրագիրով, ուր ելոյթներով հանդէս կու գան Համահայկական պատանեկան սիմֆոնիկ նուագախումբը, «Մեսրոպ Մաշտոց» խօսքի մշակոյթի կեդրոնը, «Շառաւիղ» սուրիահայ մանուկներու երգչախումբը, Այրարատ Հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» համախումբը եւ այլ երաժշտական, պարային խումբեր եւ անհատ կատարողներ: