«Իմ Ոգեշնչման Աղբիւրը Սէրն Է». Անոյշ Նագգաշեան
Այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը գտնուի երուսաղէմահայ բանաստեղծուհի եւ արձակագիր Անոյշ Նագգաշեան: Ան հանդիպում-դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական, Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարաններու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ուսանողներուն համար եւ գրական ցերեկոյթ ունեցած է Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանին մէջ:
Պատեհ առիթը բաց չձգելով` «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Անոյշ Նագգաշեանի հետ:
-Տիկի՛ն Նագգաշեան, ինչպէ՞ս «յայտնաբերեցիք» Ձեր ստեղծագործական աշխարհը:
-Առաջին բանաստեղծութիւնս գրած եմ 14 տարեկանիս: Այդ տարիքին առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ` «Արթիկ» ճամբարին մէջ արձակուրդս անցնելու:
Հոգիս այնքա՜ն լի էր Հայրենիքով, կարծես` կեանքիս ուղին փոխուած էր: Միանգամէն սիրահարուեցայ Հայաստանին. կը մտածէի, որ բոլոր ճանապարհները միայն կը բերեն Հայաստան: Երուսաղէմ վերադառնալով` յոյզերս բանաստեղծութեան վերածեցի:
Նաեւ մօրս նուիրուած բանաստեղծութիւն գրած էի: Այսինքն, ստեղծագործական պոռթկումներ միշտ ունեցած եմ: Հայաստանի մէջ բոլորը գիտէին` բանաստեղծուհի էի, բայց ոչ մէկուն երբեք ցոյց չէի տուած բանաստեղծութիւններս: Ի յեճուկս համարձակ բնաւորութեան` չէի ուզեր զգացումներս մարդոց ներկայացնել:
Գրական աշխարհ մուտք գործելուս մեծապէս նպաստած է գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Սամուէլ Մուրադեանը: Ան դասախօսութեամբ Երուսաղէմ գտնուելու ժամանակ պատահական կարդաց Սպիտակի երկրաշարժին նուիրուած բանաստեղծութիւնս: Իմանալով, որ ես գրած եմ` շատ զարմացաւ եւ յուզուեցաւ` ըսելով, որ այն բանաստեղծական լուրջ արժէք է: Համարձակութիւնս ներեց միւս բանաստեղծութիւններս ալ ցոյց տալու, որոնք կարդալէ յետոյ Սամուէլ Մուրադեան շատ քաջալերեց զիս:
Ապա երկուստեք որոշեցինք բանաստեղծութիւններուս առաջին գիրքը հրատարակել, որ կոչեցինք «Սիրոյս տաք շունչը»: Նաեւ արձակ ժանրի մէջ կը ստեղծագործեմ եւ իմ կեանքի դրուագներու հիման վրայ պատմուածքներ կը գրեմ, քանի որ կը ցանկամ ատոնք կիսել ընթերցողներուս հետ: Ընդհանուր առմամբ, գրած եմ 4 բանաստեղծական գիրք, 1 ժողովածու, 1 արձակ, 1 անգլերէնի թարգմանութիւն եւ 1 մանկական գիրք: Ի դէպ, գրասեղանիս վրայ քանի մը նիւթ կայ դրուած, որոնց, անպայման, թեւեր պիտի տայ:
Անսահման կը սիրեմ նաեւ մանկավարժութիւնը, երկար տարիներ զբաղուած եմ մանկավարժութեամբ: Հպարտ եմ, որ կրցած եմ աշակերտներուս հոգիին մէջ հայրենասիրութիւնը արթնցնել եւ խանդավառել Հայրենիք այցելելու:
– Ստեղծագործելու համար ի՞նչը Ձեզի ոգեշնչման աղբիւր կը հանդիսանայ:
–Իմ ոգեշնչման աղբիւրը սէրն է: Սէր` իւրաքանչիւրի, յատկապէս` Աստուծոյ նկատմամբ: Աշխարհի մղիչ ուժը սէրն է, առանց որուն չես կրնար ապրիլ: Պէտք է ամէնուր սէր եւ ջերմութիւն տարածել:
– Յաճա՞խ Հայաստան կու գաք:
-Այո՛, շատ յաճախ: Այս անգամ հանգամանքներու բերումով մէկ տարուան բացակայութենէն յետոյ եկայ: Հայաստանի մէջ դարձեալ կը կարօտնամ Հայաստանը:
Թող չափազանցութիւն չթուի, երբ օդանաւէն կ՛իջնեմ, կը սկսիմ տխրիլ` մտածելով, որ ժամանակն արդէն ի վնաս ինծի կ՛աշխատի: Հայրենիքի մէջ օրերս շատ յագեցած կ՛անցնին: Կը հանդիպիմ ընկերներուս, տարբեր դասախօսութիւններ կ՛ունենամ: Պարտադիր կ՛այցելեմ Էջմիածին` մոմ վառելու Մայր տաճարին մէջ, Կոմիտասի անուան պանթէոն կ՛երթամ` մեր մեծ գրողներու շիրիմներուն գլուխ խոնարհելու, Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը պարտադիր կ՛այցելեմ` զգալու բանաստեղծուհիի վառ ներկայութիւնը եւ, կարծես, խօսելու անոր հետ:
Հայաստանի մէջ անցուցած օրերն ինծի կ՛օգնեն յետագային դրական լիցքերով եւ նոր աւիւնով աշխատելու: Երուսաղէմի մէջ ալ միշտ մտքով կը ճախրեմ Հայրենի եզերքով: Կարօտը կը փարատէ հեռուստաալիքներն ու համացանցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ անցուցած օրերու յիշողութիւնները: Երբ կը զգամ, որ կեանքիս մէջ ինչ-որ բան պակաս է, հապշտապ Հայաստան այցելելու որոշում կը կայացնեմ:
-Գիտեմ, որ Ձեր գրական կեանքի կերտման գործին մէջ մեծ է Սիլվա Կապուտիկեանի ազդեցութիւնը: Ին՞չ յուշեր ունիք Ամենայն Հայոց բանաստեղծուհիին հետ կապուած:
-Ճիշդ էք: Դեռ չծնած, Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւնները լսած եմ: Մայրս կը պատմէ, որ երբ սպասած է իմ լոյս աշխարհ գալուն, եղբօրս համար միշտ անոր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը ասմունքած է, եւ ես ակամայէն «ունկնդրած եմ» բանաստեղծութիւնը:
Առհասարակ, անմոռանալի յիշողութիւններ ունիմ Սիլվա Կապուտիկեանի հետ: Մեր բոլոր հանդիպումները վերածուած են իւրօրինակ ուսանելի դասի: Սիլվա Կապուտիկեանի խորհուրդներն առ այսօր կը յիշեմ եւ կը կիրառեմ: Ան կ՛ըսէր, որ, անկախ ամէն ինչէն, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ շարունակեմ պահպանել անկեղծութիւնը: Այս պատգամը միշտ կը հնչէ ականջիս մէջ:
– Ովքե՞ր են Ձեր ծնողները:
-Ծնողներս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներ եղած են: Մայրս 60 տարի մանկավարժութեամբ զբաղուած է: Ան արդէն 90-ի շեմին է, գիշերները երազին մէջ մինչեւ հիմա կը դասաւանդէ եւ կը խօսի իր աշակերտներուն հետ:
Մայրս կը համարեմ նաեւ իմ հայոց լեզուի ուսուցիչս. Պաղեստինի մէջ, ուր ծնած եմ, հայկական վարժարան չկար, եւ մայրս ինծի մեսրոպատառ այբուբենը սորվեցուցած է: Ծնողներս յորդորած են սիրել Հայաստանը եւ մտահոգուիլ մեր երկրով: Մայրս միշտ խրատած է, որ ներեմ ինծի հանդէպ սխալ գործած մարդոց: Գուցէ երիտասարդ տարիներուն լաւ չէի ընկալեր այդ ամէնուն նշանակութիւնը, բայց հիմա արդէն լիովին կը գիտակցիմ: Մարդոց ներելով` հոգեպէս աւելի հանգիստ կը զգաս:
-Որ՞ն է Ձեր երազներու Հայաստանը:
-Նախ պէտք է Հայրենիքը սիրել այնպիսին, ինչպիսին կայ` իր բոլոր թերութիւններով եւ առաւելութիւններով: Ոչ մէկ երկրի մէջ կատարեալ չէ: Ես կը հաւատամ Հայաստանի լուսաւոր ապագային: Ապաւինինք նաեւ մեր բանիմաց եւ կրթուած երիտասարդներուն, որոնք նոյնպէս կրնան նպաստել Հայաստանի զարգացման:
Քիչ մը համբերութեամբ զինուինք, եւ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ:
– Տիկի՛ն Նագգաշեան, որքա՞ն յաճախ Ձեր քայլերը կ՛ուղղուին դէպի Սուրբ Յարութեան տաճար:
-Պատարագներուն յաճախ կ՛երթամ: Շուկան եւ խանութները հիմնական Սուրբ Յարութեան տաճարի ճանապարհին կը գտնուին: Յաճախ կը պատահի, որ առեւտուրն ընելէ յետոյ կը մտնեմ Սուրբ Յարութեան Տաճար, մոմ կը վառեմ, կ՛աղօթեմ Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ հաւատքս նորոգած` տուն կը վերադառնամ:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան