Սուրբ Ղազար կղզիին ՄԷջ 3 Դար Հաստատուած Թանկ Մարգարիտը` Մխիթարեան Միաբանութիւնը, Գիտութեան Անյատակ Շտեմարան Է

Լրացաւ 1701 թ. սեպտեմբեր 8-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Մխիթար Սեբաստացիի կողմէ հիմնադրուած, իսկ 1717 թ. Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատուած հոգեւոր, ուսումնակրթական, գիտամշակութային հնագոյն օճախներէն մէկուն` Մխիթարեան միաբանութեան` «Հայկական ակադեմիա» անուանակոչուած հաստատութեան 300-ամեակը, որուն առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի` Մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ եւ ԿԳՆ գիտութեան պետական կոմիտէներու աջակցութեամբ ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ մեկնարկեց «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը, որուն կը մասնակցէին նշանաւոր հայագէտներ, գրականագէտներ, պատմաբաններ ու հոգեւոր հայրեր: Անոնցմէ մէկուն` «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի խմբագիր Հայր Սերովբէ վարդապետ Չամուրլեանի հետ հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ հարցազրոյց իրականացնելու «Հայերն այսօր»-ի համար, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

Հա՛յր Սերովբէ, արդեօ՞ք ամբողջապէս ուսումնասիրուած է աբբահօր` Մխիթար Սեբաստացիի մեծածաւալ գործունէութիւնը:

–Անոր գործունէութիւնը ծովածաւալ է եւ, անշուշտ, ամբողջապէս ուսումնասիրուած չէ: 300 տարին բաւարար չէ եղած` ամենայն մանրամասնութեամբ ու ամբողջութեամբ ուսումնասիրելու Սեբաստացիի բազմակողմանի գործունէութիւնը, անոր աշխատութիւնները: Ըսեմ, որ շատ դժուար է անոր գիտելիքներու, աշխատութիւններու անյատակ շտեմարանի ուսումնասիրութիւնը:

Դուք  ի՞նչ կը համարէք  անոր` հայագէ՞տ, պատմաբա՞ն, աստուածաբա՞ն…

-Ես զինք կը համարեմ հայ ազգի բոլոր մեծ արժէքներու մարմնաւորումը, այդ արժէքներու կրողը:

Սեբաստացիի ծաւալած գործունէութեան ո՞ր ճիւղն  ուսումնասիրման առաւել կարիքը ունի:

–Ես կ’ըսէի` երաժշտական բաժինը:

Այսօր Սեբաստացիի` ազգային, հոգեւոր մեծ արժէքի, Մխիթարեան միաբանութեան ծաւալած անգնահատելի գործունէութեամբ ներկայիս երիտասարդութիւնն այնքան ալ հետաքրքրուած չէ. ինչպէ՞ս կարելի է ատիկա պատճառաբանել:

-Համամիտ եմ, սակայն պէտք է ըսեմ, որ մեծերը՛ պէտք է ուղղորդեն երիտասարդութիւնը` հետաքրքրուելու, ուսումնասիրելու եւ արժեւորելու, վերակենդանացնելու հայ իրականութեան մեծերու, նշանաւոր գործիչներու կեանքն ու գործունէութիւնը, ստեղծած արժէքները, անոնց ձգած պատմական, մշակութային, գիտական, հոգեւոր հսկայական ժառանգութիւնը:

Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս գիտաժողովը:

-Անպայմանօրէն` դրական, անհրաժե՛շտ: Պէտք է լսենք տարբեր ելոյթներ` Միաբանութեան ծաւալած գործունէութեան այս կամ այն ոլորտին մասին, եւ կ’ըլլան քննարկումներ:

Խօսինք «Բազմավէպ»-ի` ամենաերկարակեաց հայերէն պարբերականին մասին. ըսէք, խնդրեմ, ի՞նչ կը պակսի այսօր հանրագիտարանային արժէք ունեցող այդ հանդէսին:

-Ինչպէս գիտէք, «Բազմավէպ»-ը 1843-էն Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հրատարակուող հայագիտական, բանասիրական, գիտական հանդէս է, որ հիմնադրած է Գաբրիէլ Այվազովսկին: Յետագային ալ հանդէսն ունեցած է շատ նշանաւոր խմբագիրներ: Այն Մխիթարեան միաբանութեան պաշտօնաթերթը կը  համարուի: Հանդէսին մէջ տեղ կը գտնեն պատմաբանասիրական, լեզուաբանական, գրական-գեղարուեստական եւ այլ բնոյթի նիւթեր: Այսօր ալ հանդէսը կը շարունակէ տարիներու աւանդոյթը, ուղղուածութիւնը: Իսկ ինչ պակսի…թերեւս` այն պէտք է աւելի մատչելի դառնայ հանրութեան:

Շնորհակալութիւ՛ն. Հա՛յր Սերովբէ, կը մաղթեմ, որ Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ 3 դար հաստատուած թանկ մարգարիտը` Մխիթարեան միաբանութիւնը, դեռ երկար տարիներ շարունակէ իր հայանպաստ գործունէութիւնը, իսկ 170-ն անց «Բազմավէպ»-ը շարունակէ մշտապէս նպաստել հայագիտութեան զարգացման ու մնալ Մխիթարեան միաբանութեան,  հայութեա՛ն  Լոյս-ծիրանափողը:

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up