«Աւստրիացիներուն Միշտ Կը Պատմեմ Հայ Ժողովուրդին Մասին».«Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Աւստրիահայ Մասնակից

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի աւստրիահայ մասնակից Ալեքսանտր Շրայտերը «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ հիւրընկալուեցաւ ծրագիրով նախատեսուած վայրերէն Երեւանի քոնեակի գործարան այցելելէն ետք : Ան աչքի ինկաւ մանկական անմիջական պահուածքով եւ վառվռուն աչքերով: Ալեքսանտրը մեզի զարմացուց գիւմրեցիի բարբառով յստակ խօսելով, որուն մասին քիչ մը ուշ կը պատմենք:
Տասներեք տարեկան պատանին իւրատեսակ «քննութիւն» մըն ալ անցաւ: Տեղեկանալով, որ հայերէն գրել այդքան ալ լաւ չի կրնար, յանպատրաստից առաջարկեցինք մեսրոպեան տառերով իր անուն-ազգանունը գրել: Սկիզբը քիչ մը անակնկալի եկաւ, սակայն յաջողեցաւ իր առջեւ դրուած խնդիրը պատուով յաղթահարել…
–Ալեքսա՛նտր, ինչպէ՞ս եկար «Քայլ դէպի տուն» :
-Մայրիկս այս ծրագիրին մասին համացանցով կարդացած եւ որոշած էր, որ անպայման պէտք է ուղարկէ ինծի մասնակցելու: Ես ալ սիրով համաձայնեցայ:
-Ին՞չ ակնկալիքներով կը մասնակցիս ծրագիրին:
-Նախ կարեւոր ձեռքբերում կը համարեմ հայոց լեզուի դասընթացներուն ժամանակ հայկական տառեր սորվիլը, քանի որ դժուարութեամբ կը գրեմ, հակառակ, որ շատ լաւ կը խօսիմ:
Ծրագիրի ծիրէն ներս այցելած վայրերէս շատ հաւնած եմ մեր հին եկեղեցիներն ու թանգարանները: Յատկապէս տպաւորուած եմ Մատենադարան եւ Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի տուն-թանգարան այցելութենէն: Վրաս մեծ ազդեցութիւն ձգած է անոր մետալներն ու շքանշանները:
-Պատմէ՛ քու մասիդ, ազատ ժամանակ ինչո՞վ կը սիրես զբաղիլ:
-Այն քաղաքը, ուր մենք կ՛ապրինք, հայկական դպրոց չկայ, այդ պատճառով ալ աւստրիական դպրոց կը յաճախեմ:Սակայն Հայաստանը միշտ իմ սրտիս մէջ է:
Շատ կը սիրեմ համակարգչային խաղեր, ֆութպոլ խաղալ եւ հեծանիւ քշել: Ինծի հասակակից հայ ընկեր ալ ունիմ, որուն հետ կը զբօսնեմ կամ տարբեր խաղեր կը խաղամ:
Մայրս հայաստանցի է, ծնած է Գիւմրի, իսկ լուսահոգի հայրս` աւստրիացի: Գիւմրիի բարբառով խօսելու պատճառն այն է, որ մայրս տան մէջ միայն հայերէն կը խօսի, իսկ ես տարիներու ընթացքին ընկալած եմ այդ բարբառը:
– Այցելա՞ծ ես Գիւմրի:
-Ամէն անգամ Հայաստան այցելելուս` մօրս հետ պարտադիր կ՛երթանք Գիւմրի, այնտեղ հարազատներ ունինք: Կը սիրեմ զբօսնել Գիւմրիի փողոցներով, համտեսել աւանդական ուտելիքները: Առհասարակ, շատ կը հաւնիմ հայկական խոհանոցը, յատկապէս խորովածը, եփած ձուն` թարխունով ու լաւաշով:
Կը կարծեմ` Հայաստան շատ լաւ երկիր է, իսկ հայերը ջերմ ու բարի մարդիկ են: Յետագային կու գամ արդեօք Հայաստան ապրելու, թէ` ոչ, դժուար է հիմա ըսել, ժամանակը ցոյց կու տայ:
-Իբրեւ հայ, աւստրիացիներուն կը պատմե՞ս հայ ժողովուրդին մասին:
-Աւստրիացիներն այնքան շատ տեղեկութիւններ չեն գիտեր Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի մասին: Սակայն միշտ առիթի պարագային կը պատմեմ անոնց, թէ մենք ինչպիսի ժողովուրդ ենք ու ինչ դժուարութիւններ յաղթահարած ենք: Անոնց պատմած եմ նաեւ Թաւշեայ յեղափոխութեան մասին եւ ըսած, որ Հայաստանի մէջ վերջապէս ժողովուրդի ձայնը լսելի դարձաւ:
-Ալեքսա՛նտր, ծրագիրի ծիրէն ներս հիւրընկալ ընտանիքի՞, թէ՞ ազգականի տուն կը մնաս:
-Հիւրընկալ ընտանիքի մօտ: Դաւիթ Զախարեանի տան մէջ կը բնակիմ, մեր ծանօթութեան առաջին օրէն հարազատի պէս ընդունեց զիս, անոր հետ երբեք օտարութիւն չեմ զգար:
Ծրագիրի աւարտէն ետք տուն վերադառնալով` հանգստանալէ յետոյ միասին կը զրուցենք եւ հաճելի երեկոյ կ՛անցնենք: Այնչափ շնորհակալ եմ Դաւիթին ու իր ընտանիքի անդամներուն, որ ինծի հանդէպ այդքան ուշադիր են:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան