Աշխատիլ Միասին` Չվարանելով Հեռաւորութենէն, Դժուարութիւններէն Ու Մարտահրաւէրներէն

Նոյեմբեր 6-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի տնօրէն Ռուբէն Արթուրօ Կէտիկեանը: Ան ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ նուիրեալ գործիչ է, մեծ ներդրում ունի Հարաւային Ամերիկայի, մասնաւորապէս Արժանթինի հայկական համայնքներու մշակութային կեանքի աշխուժացման եւ զարգացման գործին մէջ:

Ռուբէն Արթուրօ Կէտիկեան յետյեղափոխական Հայաստան  առաջին անգամ կ´այցելէ: Այս անգամ եկած է ՀԲԸՄ-ի, Արժանթինի եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններու նախաձեռնութեամբ ՀՀ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ համատեղ իրականացուելիք ծրագիրի հետքերով:

Մխիթար Հայրապետեանին ներկայացնելով ծրագիրի մանրամասները` հիւրը նշեց, որ այն նախատեսուած է Հայաստանի փոքրիկ գիւղերու հողագործներու համար, եւ Արժանթինէն ժամանած մասնագէտները վերապատրաստումներու եւ խորհրդատուութիւններու ձեւաչափով պիտի փորձեն օգնել անոնց լուծելու գիւղատնտեսական խնդիրները: «Երկրորդ անգամ  մասնագէտները Հայաստան կու գան: Արժանթինի մէջ գիւղատնտեսութիւնը տնտեսութեան գերակայ ճիւղն է, ներդրուած են նորարար արհեստագիտութիւններ»,-նշեց Կէտիկեան` աւելցնելով, որ այս միջոցով փորձ կ´ըլլայ նաեւ Արժանթինի յաջողուած փորձը տեղայնանցնել Հայաստանի մէջ:

Անդրադառնալով արժանթինահայ համայնքին` ՀԲԸՄ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի տնօրէնը նշեց, որ այսօր Արժանթինի մէջ  կ´ապրի շուրջ 120.000 հայ, որմէ մօտ 80000-ը Պուէնոս Այրէսի եւ 7000-ը` Գորտոպայի մէջ: «Անցած տարի նշեցինք Արժանթինի ՀԲԸՄ-ի 107-ամեակը: Այստեղ հայերը մեծ համբաւ ունին, կայացած են եւ չնայած հեռաւորութեան` կապուած են հայրենքին: Կը փորձենք աշխուժացնել մշակութային կեանքը: Ամէն ամիս կը կազմակերպենք հայկական ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, կը ներկայացնենք հայկական խոհանոցը, ունինք սկաուտական խումբեր, շուրջ 700 հայ երեխայ կը յաճախէ մարմնամարզութեան, ներկայիս Պուէնոս Այրէսի մէջ կը գործեն 7 կրթական ամէնօրեայ հաստատութիւններ: Ունինք փոքրիկ ճաշարան, որ կը բացուի ուրբաթ եւ շաբաթ օրերուն, աշակերտներու մայրիկներն ուտեստներ կը պատրաստեն, իսկ երեխաները կը մատուցեն այցելուներուն: Տարուան աւարտին հաւաքուած գումարով աշակերտները կ´այցելեն Հայաստան: Միայն այս նախաձեռնութեան շնորհիւ 780 հայ երեխայ  այցելած է Հայաստան»,-նշեց Ռուբէն Արթուրօ Կէտիկեան:

Այս ամէնով հանդերձ` հիւրը համայնքի ձուլման, հայերէնի մոռացութեան, հայոց լեզուի ուսուցիչներու ուսուցման եւ վերապատրաստման անհրաժեշտութեան կապակցութեամբ մտահոգութիւն յայտնեց:

Մխիթար Հայրապետեան ընդգծեց, որ սփիւռքի կրթական խնդիրները նախարարութեան համար թիրախային են, եւ սփիւռքի նախարարութեան  նախաձեռնութեամբ շուտով կը ձեւաւորուի կրթական յանձնաժողով, որ համայնքերուն հետ անհատական աշխատանքով կ’ուսումնասիրէ կրթական հիմնախնդիրներն եւ կ’առաջարկէ լուծումներ: «Փորձ կ´ըլլայ նաեւ նորագոյն արհեստագիտութիւններու ներդրմամբ աջակցիլ սփիւռքին: Շատ համայնքեր կ´ակնկալեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է դերակատարութիւն ունենան: Այսօր մենք նախ եւ առաջ սփիւռքը խորութեամբ ճանչնալու խնդիր ունինք, ընդհանրական մօտեցումը երկար տարիներ արդիւնաւէտ չէ եղած: Դուք հեռու էք մեզմէ, սակայն մենք պիտի աշխատինք միասին առանց վարանելու հեռաւորութենէն, դժուարութիւններէն ու մարտահրաւէրներէն»,-նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Երկուստէք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ մշտապէս կապի մէջ ըլլալ եւ ամրապնդել կապերը:

Scroll Up