Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց ՀՀ-ի ՄԷջ Ռուսաստանի Դաշնութեան Դեսպան Սերգէյ Գոպիրկինը
Յունիս 22-ին նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան նորանշանակ դեսպան Սերգէյ Գոպիրկինը: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեան:
Նախարարը շնորհաւորեց դեսպանն ու մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք: Պարոն Գոպիրկինը նշեց, որ չնայած նոր-նոր անցած է պաշտօնավարման, բայց արդէն հասցուցած է շրջել Հայաստանի տեսարժան վայրերով ու ծանօթացած նաեւ ստեղծուած քաղաքական նոր իրավիճակին:
Հանդիպման ժամանակ կողմերն անդրադարձան ՀՀ եւ ՌԴ ղեկավարներու յաճախակի դարձած հանդիպումներուն` նշելով, որ ատոնք Հայաստան-Ռուսաստան եղբայրական յարաբերութիւններու լաւագոյն ապացոյցն են, բայց համագործակցութեան ոլորտներն անսպառ են ու պէտք է շարունակել աշխատիլ այդ ուղղութեամբ եւս:
Անդրադարձ եղաւ նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ բնակող բազմահազար հայերուն, որոնք դեսպանի խօսքով վաղուց ներգրաւուած են, բայց միեւնոյն ժամանակ կը շարունակեն պահպանել ազգային դիմագիծը:
Հանդիպման աւարտին կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին համագործակցելու նաեւ երիտասարդներուն վերաբերող տարբեր նախագիծերու ծիրէն ներս` ամրապնդելով իրենց յարաբերութիւնները նաեւ այս ոլորտին մէջ: