«Հայաստան-Սփիւռք» Համահայկական 6-րդ Համաժողովն Ամփոփեց Իր Աշխատանքները

Սեպտեմբեր 20-ին` «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովն ամփոփեց իր աշխատանքները:

Համաժողովի փակման լիագումար նիստը կը վարէր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` ան գոհունակութեամբ նշեց, որ համաժողովի աշխատանքներն ընթացան արդիւնաւէտ եւ  այսօր կ’ամփոփէ արդիւնքները: «Ձեր բոլոր հարցադրումները, կարծիքներն ու առաջարկները տեղ կը գտնեն նախարարութեան եւ համաժողովի կայքում, կը դառնան մեր յետագայ գործունէութեան ուղենիշ», – աւելցուց Հրանոյշ Յակոբեան:

Համաժողովի լիագումար նիստին ելոյթ ունեցաւ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ  Արա  Բաբլոյեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Խորհրդանշական է, որ այս համաժողովն անցկացուեց Հայաստանի անկախութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձի նախօրեակին: Թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել բոլորիդ ակտիւ մասնակցութեան համար: Վստահ եմ, որ այս համաժողովը մեզ աւելի համախմբող, շօշափելի արդիւնքների յանգեցնող, համահայկական գործակցութիւնը խթանող համազգային ձեռնարկ է: Ընդհանրապէս, Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները կարեւորագոյն իրադարձութիւն են թէ՛ Հայաստանում եւ թէ՛ նրա սահմաններից դուրս գտնուող մեր հայրենակիցների համար: Այդ է վկայում նաեւ տարէցտարի ընդլայնուող մասնակցութեան աշխարհագրութիւնը»:

Համաժողովն ամփոփեց արդիւնքները չորս ուղղութիւններով:

«Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ» ուղղութեան քննարկումներու արդիւնքները ներկայացուց ՀՀ փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան:

«ՀՀ պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ» ուղղութեան քննարկումներու արդիւնքներն ամփոփեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի աւագ խորհրդական Բաբգէն Վարդանեան:

«Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ» ուղղութեան քննարկումներու արդիւնքները ներկայացուց ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան:

«Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ» ուղղութեան քննարկումներու արդիւնքներն ամփոփեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Համաժողովն ընդունեց յայտարարութիւն:

Scroll Up