Տեսաժողով Ֆրանսայի «Հայասա» Ընկերակցութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ
Յունիս 21-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսաժողով Ֆրանսայի հայկական համայնքի «Հայասա» ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որուն մասնակցեցան Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան աշխատակիցներ:
Ֆրանսայէն տեսակապին մասնակցեցան «Հայասա» ընկերակցութեան նախագահ Հայկ Շահինեան, «Հայասա» միութեան համահիմնադիր Նարեկ Ոսկանեան, «Info Armenie» լրատուամիջոցի ներկայացուցիչ Նարէ Թադեւոսեան, «Ազատ ձայն» կազմակերպութեան նախագահ Վիգէն Ակոպոֆֆ, «Հայասա» ընկերակցութեան անդամ Անի Յովհաննիսեան:
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նշեց. «Կ՛ողջունեմ ձեր պատրաստակամութիւնը համագործակցելու նախարարութեան հետ, մասնակցելու նոր Հայաստանի ծրագիրներուն: Կառավարութեան մէջ կը մշակուի հայապահպանութեան եւ հայրենադարձութեան ռազմավարութիւն, որ միտուած է Հայաստանի զարգացման համար Սփիւռքի մտաւոր եւ ֆինանսական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման հայրենադարձութեան համար համապատասխան պայմաններու ապահովման»:
Փոխնախարարը լսեց «Հայասա» ընկերակցութեան նախագահ Հայկ Շահինեանի դիտարկումներն ու առաջարկները, յորդորեց դրական մթնոլորտի մէջ աշխատիլ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ,կարեւոր համարեց համայնքի համախմբուածութիւնն ու միասնականութիւնը, համագործակցութեան շրջանակներու ընդլայնումը:
«Հայասա» ընկեարկցութեան անդամ Անի Յովհաննիսեան խօսելով զբօսաշրջութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն մասին` աւելցուց. « Զբօսաշրջութիւնը կրնայ ըլլալ մշակութային երկխօսութեան գործիք Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ եւ ապահովել զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք դէպի Հայաստան»:
Քննարկուեցան հայկական համայնքէն ներս առկայ խնդիրներուն, Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ուղղուած յառաջիկայ ծրագիրներուն, զբօսաշրջութեան, մարմնամարզութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան շրջանակներուն վերաբերող հարցեր: