Հայաստան Պատրաստ Է Շարունակելու Մարդասիրական Առաքելութիւնը` Ուղղուած Սուրիոյ Հայ Համայնքի Կարիքներու Բաւարարման

Սեպտեմբեր 26-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ բանագնաց Ստաֆֆան Տէ Միստուրային:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, զրուցակիցները հանգամանալից անդրադարձան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, մտքեր փոխանակեցին երկրին մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակի եւ ատոր բարելաւման ուղղուած հնարաւոր քայլերու շուրջ:

Նախարար Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան բազմիցս  արտայայտած է իր լուրջ մտահոգութիւնը Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի եւ ատոր հետեւանքով Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան կապակցութեամբ: Ան շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու եւ ընդարձակելու մարդասիրական առաքելութիւնը` ուղղուած Սուրիոյ հայ համայնքի հրատապ կարիքներու բաւարարման:

Scroll Up