Ընդունելութիւն Սուրիոյ ՀՀ Դեսպանութեան ՄԷջ

Յունուար 17-ին Սուրիոյ ՀՀ դեսպանութեան մէջ դամասկաոսահայ համայնքապետերու, ազգային կառոյցներու ղեկավարներու եւ անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Ամանորեայ աւանդական ընդունելութիւն:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, ընդունելութեան ելոյթով հանդէս եկած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլադեան, որ ներկաները շնորհաւորելով անցած տօներուն կապակցութեամբ, հանգամանօրէն անցրադարձ կատարած է նախորդ տարուայ ՀՀ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան` խիստ կարեւորելով նոյեմբեր 24-ին Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ-ԵՄ միջեւ ստորագրուած համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

Դեսպան Փոլադեան նշած է, որ պայմանագիրը կուռ իրաւական հիմք կը ստեղծէ քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման, տնտեսական եւ ոլորտային համագործակցութեան ընդլայնման, առեւտրի ու ներդրումներու հնարաւորութիւններու համար: Դեսպանը նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի եւ ԵՄ միջեւ համաձայնագիրը նոր խթան կը հանդիսանայ ժողովրդավարական հաստատութիւններու, մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման ուղղութեամբ Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներու համար:

Անդրադառնալով ԼՂ հիմնախնդիրին` դեսպանը ընդգծած է, որ ՀՀ-ԵՄ պայմանգիրը կը վերահաստատէ ԵՄ յայտարարուած յանձնառութիւնը` աջակցելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն կողմէ ԼՂ հակամարտութեան հանգուցալուծման ջանքերուն եւ մօտեցումներուն:

Իր ելոյթին մէջ դեսպանը անդրադարձած է նաեւ սուրիական ճգնաժամի ռազմաքաղաքական զարգացումներուն` կարեւորելով խնդրի քաղաքական կարգաւորման ուղղուած տարբեր ձեւաչափերով միջազգային ջանքերը:

Այլեւայլ հարցերու շարքին` դեսպան Փոլադեան հակիրճ անդրադարձ կատարած է նաեւ հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ սուրիական ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորումը նոր խթան կը դառնայ երկկողմ համագործակցութեան յետագայ զարգացման:

Ընդունելութեան ընթացքին դեսպան Փոլադեան Դամասկոսի ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ հոգաբարձութեան խորհուրդի ղեկավարներուն յանձնած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձները` Ամանորի եւ Ծննդեան տօնի կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Նախագահի շնորհակալագիրը` Սուրիոյ Օգնութեան Խաչ ՍՕԽ միութեան անդամներուն:

Դեսպան Փոլադեան նաեւ համայնքի ղեկավարներուն փոխանցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2018թ. ձեռնարկներու ծրագիրը` ակնկալելով համայնքի աշխոյժ մասնակցութիւնն այդ ձեռնարկներուն:

Ընդունելութեան աւարտին դամասկոսահայ համայնքի ներկայացուցիչները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ՀՀ Նախագահին, կառավարութեան ու ժողովուրդին` սուրիական հակամարտութեան երկարուձիգ տարիներու ընթացքին ցուցաբերած բարոյական, նիւթական եւ մարդասիրական օգնութեան համար:

 

Scroll Up