Սիտնի Հաստատուած Սուրիահայ Արծաթագործի Արհեստանոցը Լեփ-Լեցուն Է

Նախապատերազմական Հալէպի մարդաշատ փողոցներուն մէջ Աւետիք Պայրամեանի անունը արծաթագործութեան ոլորտին մէջ որակի եւ արհեստավարժութեան «հոմանիշն» էր:
Այս մասին կը գրէ abc.net.au կայքը` անդրադառնալով աւստրալական Սիտնիի մէջ հաստատուած հայ գաղթականի կեանքի պատմութեան:
Յայտնի է, որ Պայրամեան արծաթագործներու տոհմէ է. այս արհեստին տիրապետած են դեռեւս անոր նախահայրերը:
Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմէն ետք ան ստիպուած եղած է Աւստրալիա տեղափոխուելու, ուր 2 տարի շարունակ չէ կրցած իր ոլորտին մէջ աշխատանք գտնել:
Բայց այժմ ան գտած է իր երազած գործը` աշխատանքի անցնելով Աւստրալիոյ վերջին աւանդական արծաթագործական W.J. Sanders արհեստանոցին մէջ:
Արհեստանոցի տէրը` Տենիս տէ Մութը, որ հայ փախստականին մտերմիկ Աւօ կը կոչէ, անմիջապէս գնահատած է անոր մասնագիտական հմտութիւնները:
«Անոր աշխատանքն ուղղակի հրաշալի է: Ան նորարարութիւններ կ’իրագործէ: Ունինք երեք աշակերտ, որոնց կրնայ նոր բաներ սորվեցնել»,- tert.am-ի փոխանցմամբ` պատմած է աւստրալացին:
Ան շատ երջանիկ է, որ իր գործի վարպետ Պայրամեան հարուստ գիտելիքները պիտի փոխանցէ արծաթագործներու նոր սերունդին:
«Այնչափ կարեւոր է, որ այս գործը շարունակող կայ եւ որ Աւոյի պէս մարդիկ կը դաստիարակեն երիտասարդ սերունդը»,-շարունակած է Տէ Մութը:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ սիտնիյեան արհեստանոցը լեփ-լեցուն է վերանորոգման իրենց հերթին սպասող արծաթեայ իրերով: Դարակներէն մէկուն դրուած է փորագիր գաւաթ, որ պիտի դառնայ «Աւստրալիա օփըն» թենիսի մրցաշարի յաջորդ տարուայ մրցանակը:
Աւետիք Պայրամեան սկսած է արծաթագործութեամբ զբաղուիլ 14 տարեկանէն` քեռիին հալէպեան արհեստանոցին մէջ: 2002թ. ան բացած է իր խանութը, որ պատերազմէն ետք աւերակներու վերածուած է:
Պայրամեանի ընտանիքը նախքան Աւստրալիա տեղափոխուիլը Սուրիայէն Պէյրութ փախած է:
«Դուք գաղափար անգամ չունիք, թէ որքան դժուար է կեանքդ յետեւ ձգել, ձեռնունայն գալ այստեղ ու աշխատանք գտնել»,-կիսուած է արծաթագործը` նկատելով, որ աշխատանքը սիրելու ու աշխատասէր ըլլալու պարագային մարդն անպայման յաջողութեան կը հասնի: