Հայերէնի Ուսուցիչ Ըլլալը Սփիւռքի ՄԷջ Կոչում Է Եւ Հպարտութիւն. Նորայր Տատուրեան

Ինչ կը նշանակէ այսօր՝ ըլլալ հայերէնի ուսուցիչ Սփիւռքի մէջ. հպարտութի՞ւն, պատի՞ւ, կոչո՞ւմ, թէ՞ իւրատեսակ մարտահրաւէր: Կարեւոր հարցադրում, որուն շուրջ, եւ ո´չ միայն, «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է ԱՄՆ Փասատենա քաղաքի ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանի հետ:

– Պարո´ն Տատուրեան, վերջերս Դուք հայապահպանութեան, մանկավարժական գործունէութեան համար արժանացած էք ՀՀ սփիւռքի ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու մրցանակներուն: Կը շնորհաւորեմ մրցանակներու կապակցութեամբ: Ի՞նչ է ձեզի համար նման պարգեւներու արժանանալը:

– Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ զոյգ նախարարութիւններուն, անոնց պատասխաներուն եւ պաշտօնեաներուն: Գիտեմ, թէ անոնք ուշադրութեամբ կը հետեւին սփիւռքահայ ուսուցիչներու կատարած գործին: Աւելին, գեղեցիկ է տեսնել, թէ անոնք կը գնահատեն այդ աշխատանքը:

Հայերս սփիւռքի մէջ ստեղծած ենք քառակուսի Հայաստան մը, որուն անկիւններն են դպրոցը, մամուլը, եկեղեցին եւ անշուշտ տունը: Ինծի համար, Հայաստանի հետ կապը, այդ կտոր մը տարածութենէն դուրս՝ աշխատելու եւ ստեղծելու անսահման հնարաւորութիւններ կը խոստանայ: Պարգեւատրութիւնը կը յիշեցնէ, թէ սփիւռքահայ ուսուցիչի աշխարհը իր համայնքով սահմանափակուած չէ, այլ կայ Հայաստան աշխարհը եւ անոր պետականութիւնը: Պէտք է որ ըսեմ, թէ զոյգ մրցանակները ազգային պատկանելիութեան եւ հպարտութեան մեծ ալիք ստեղծեցին աշակերտներուս մօտ: Անոնք դասարանիս մէջ շրջանակուած այս մրցանակներուն վրայ երբ տեսան զինանշանը եւ պաշտօնական անունները, երկիւղածութեամբ եւ խոր ակնածանքով կանգ առին անոնց առջեւ, հիացումով դիտեցին ու  ներշնչուեցան:

– Ըլլալ հայերէնի ուսուցիչ Սփիւռքի մէջ. ի՞նչ կը նշանակէ այն այսօր, ի՞նչ առաքելութիւն ունի, ի՞նչ մարտահրաւէրներու  ստիպուած է դիմակայել, յատկապէս Ամերիկայի մէջ, ուր տարիէ տարի հայախօսներու թիւը կը նուազի:

– Ինծի իրաւունք տուէք, այս հարցին շուրջ խօսիլ հայոց լեզուի եւ գրականութեան սփիւռքահայ բոլոր ուսուցիչներուն անունով: Այս ասպարէզը բոլորիս համար կոչում է եւ հպարտութիւն, նաեւ՝ պատասխանատուութիւն: Մեր առաքելութիւնն է հայկական լեզուական եւ գրական ժառանքը փոխանցել նոր սերունդին, եւ ստեղծել այնպիտի միջավայր, ուր աշակերտը, լաւագոյն պարագային, կարենայ ստեղծել նորերը- նոր երգի խօսքեր, ժամանակակից քառեակ մը, կամ իր առօրեայ իրականութիւնները ներկայացնող պատմուածք մը: Իսկ մեր աշխատանքին մէջ կարեւորագոյնը հայորդիներուն կապել հայրենիքին, զգալ Հայաստանի հետ, ծանօթ ըլլալ անոր նորօրեայ խնդիրներուն եւ դառնալ գործօն հեռաքաղաքացի: Հայաստանի ներկան եւ անոր խոստումները այժմ այնքա՛ն հրապուրիչ են, որ մեր աշակերտները գրաւուած են այդ ամէնով: Հայաստանի ամէն զարգացում եւ յաջողութիւն՝ քաղաքական, տնտեսական (հայկական գինին եւ այլ արտադրութիւններ միջազգային շուկաներու մէջ, անուանի նոր հիւրանոցի բացում Հայաստանի մէջ), մշակութային (Եւրոտեսիլ),մարզական (Ողիմպիական խաղեր, ֆութպոլ) եւ արհեստագիտական (Տաթեւի ճոպանուղին, ԹՈՒՄՈ), մեր բոլոր մատրահրաւէրները կը չէզոքացնեն: Տեսանելի է, թէ աշակերտները այդ բոլոր ձեռքբերումերուն մասնակից կամ բաժնեկից ըլլալու համար առիթներ կ՛որոնեն: Ահա, թէ ինչո՛ւ շատ խանդավառ եւ յաջող կ՛անցնին ամէն ուրբաթ օր «Այժմէական լուրեր Հայաստանէն» դասը, ինչպէս նաեւ մեր 11-րդ դասարանցիներու ամէնամեայ ճանաչողական պտոյտը դէպի հայրենիք:

Դասարանէն ներս առաւելաբար, բառապաշարի կառուցումի եւ պահպանումի համար լաւագոյն արդիւնքը, մեր պարագային, հայկական երգարուեստն ու պոեզիան է: Աշակերտներս ամէն շաբաթ երգ մը եւ բանաստեղծութիւն մը անգիր կը սորվին: Տարեվերջին այդ բոլորը ծնողներուն կը ներկայացնեն, որպէս գրական-երաժշտական երեկոյ, որուն խորագիրն է «Պտոյտ մը հայկական քնարերգութեան մէջ»:

– Սփիւռքի մէջ այսօր մտահոգիչ է հայկական դպրոցներու վիճակը: Կը փակուին կրթօճախներ, շատ դպրոցներու մէջ կը նուազի աշակերտներու թիւը: Ապրելով Սփիւռքի մէջ եւ ըլլալով հայերէնի ուսուցիչ՝ ո՞ւր թաքնուած է այս ամէնուն պատճառը, ի՞նչ պէտք է ընել խուսափելու այդ ամէնէն: Եւ ամենակարեւորը՝ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ հայախօս Սփիւռքի մէջ եւ ո՞ւր կրնայ տանիլ հայերէնի կորուստը:

– Անխուսափելի է այն տպաւորութիւնը, թէ ամերիկեանը, եւրոպականը  (արեւմտեանը) կը ներկայացնէ նորը, նորարարականը, մինչ հայկականը՝ հինը: Ելք կայ: Ան թաքնուած է արհեստագիտութեան մէջ: Երբ հայկական վարժարանները ունենան նորագոյնը (համակարգիչ, տեղեկատուական եւ համացանցային նորութիւններ, թուային արհեստագիտութիւններ, մինչեւ՝ դասարաններու եւ վարժարանի շինարարական լուծումները) համոզուած եմ, թէ կը դառնանք մրցունակ եւ նախանձելի: Ամերիկեան ափերուն անուրանալի է նաեւ մարզական կեանքը դպրոցներէն ներս: Ժողովրդական է ա՛յն վարժարանը, որ ունի բասկետբոլի յաջող եւ ախոյեան խումբ: Սա ամերիկեան իրականութիւն է: Ամէն գաղութ, վստահ եմ, թէ ունի իր տարբերակը: Բայց, հայերէնի եւ հայկական ինքնութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը եւ նախապատուութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ աշակերտը հայոց հնագոյն պատմութեան ծանօթանայ: Պատանին կը զարմանայ եւ կը հպարտանայ տեսնելով, թէ որքա՛ն խոր են իր արմատները եւ իր պատմութիւնը սահմանուած չէ իր գաղութի տարիքի, կամ՝ մեծ հօր (մեծ մօր) ցեղասպանութենէն վերապրումի պատմութեան հետ: Ահա, թէ ինչո՛ւ դասարանէն ներս յատուկ կարեւորութեան կ՛արժանանայ հայկական արուեստի եւ ճարտարապետութեան պատմութիւնը: (Այդ պահանջը գոհացնելու համար այս տարի մասնակցած եմ ՀԲԸՄ-ի AVC համացանցային համալսարանի երկու դասընթացքին. «Պատմութիւն հայկական ճարտարապետութեան» I եւ II, ու ստացած եմ համապատասխան վկայականներ)

– Տարիներ ի վեր «Ակօս» եւ «Ասպարէզ» պարբերականներուն մէջ լոյս կը տեսնէ Ձեր «Բառերու խորհրդաւոր աշխարհը» յօդուածաշարը: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ այն:

– Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ վեց տարի առաջ մեկնարկեցի այդ յօդուածաշարքը: Իսկ քաղաքիս մէջ նախ «Նոր Օր» շաբաթաթերթը, ապա «Ասպարէզ»ը սկսան արտատպել զանոնք: Կը տեսնեմ, թէ յունահայ եւ լիբանանահայ մամուլին մէջ ալ լոյս տեսած են առանձին յօդուածներ:

Ճամբորդել շատ կը սիրեմ: Շատ կը սիրեմ նաեւ հնագիտութիւնը: Դժբախտաբար երկուքն ալ անմատչելի են ինծի համար: Յօդուածաշարքը ինծի առիթ կու տայ մեր անցեալի մէջ պեղումներ ընելու: Այո, կը սիրեմ բառեր, դարձուածքներ, բառարմատներ, գրական հնագոյն բեկորներ պեղել, ապա անոնց մասին հէքիաթներ պատմել: Անոնք զուտ լեզուագիտական կամ ստուգաբանական ուսումնասիրութիւններ չեն: Կան հայ եւ օտար լեզուագէտներ եւ բառարանագէտներ, որոնք այդ գործը արդէն կատարած են: Ես անոնց աշխատանքը ընթերցողներուս կը վերամատուցեմ, այն ակնկալութեամբ, թէ հայոց լեզուի՝ մեր մտքի գեղեցկագոյն յղացումին հանդէպ նորոգուած հետաքրքրութիւն կը ստեղծուի եւ ան կը դառնայ մեր ուշադրութեան, հիացումի եւ գուրգուրանքի առարկայ:

Սկզբնական շրջանին պատմութիւններու գլխաւոր հերոսն էր «Պարոն ստուգաբանութիւն», 50 տարեկան ալեհեր մարդ մը, որ Յունաստանէն Պարսկաստան, Հռոմէն Չինաստան ճամբորդելով կը յատնաբերէր հայկական բառերու ոդիսականը: Այժմ յօդուածները երկխօսութիւններ են: Իւրաքանչիւր շաբաթ հեղինակը եւ աշակերտ մը կը զրուցեն բառի մը մասին: Ա՛յս ձեւը առին գրութիւնները, երբ խումբ-խումբ աշակերտներ սկսան ընթերցողներ դառնալ:

– Դուք նաեւ կը զբաղիք թարգմանչական աշխատանքով: Այս պահուն յունարէն  կը թարգմանէք հայերէն բանաստեղծութիւններ: Ի՞նչ է ձեզի համար թարգմանչական աշխատանքը:

– Թարգմանական գրականութիւնը որեւէ լեզուի համար նոր արիւն է, կենսատու աւիշ: Կասկած չունիմ, թէ այն կը բերէ մտածողութեան նոր մօտեցումներ, արտայայտութիւններու նոր պաշար եւ պատճառ կ՛ըլլայ նաեւ, որ բարդ եւ ածանցաւոր նոր բառեր ստեղծուին: Ասոնք՝ լեզուական մակարդակի վրայ: Թարգմանութիւնը նաեւ երկու ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւն է, զիրար ճանչնալու, հասկնալու միջոց: Հայկական գրականութեան, մանաւանդ ժամանակակից գրականութեան յունարէն թարգմանութիւնը մեր աշխարհահայեացքը, երկրին եւ ժողովուրդին ներկայ խնդիրները դրացի ժողովուրդին ներկայացնելու միջոց է: Ես նախընտրած եմ պոլսահայ եւ հայաստանեան ժամանակակից բանաստեղծութիւններու երկու փունջ թարգմանել: Առաջին խումբին մէջ կան համամարդկային թեմայով բանաստեղծութիւններ- մեծ քաղաքը (Պոլիսը) եւ անոր «հասարակ» բնակիչներուն: Այդ խմբակը ըմբռնելի է յունական որեւէ մեծ քաղաքի, անշուշտ եւ մայրաքաղաք Աթէնքի բնակիչի մը համար: Երկրորդ խումբ բանաստեղծութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան ձայնն է: Ընտրած եմ բանաստեղծութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն երկրի երկունքի ցաւերն ու երազները:  Փոխադարձաբար, անհրաժեշտ կը նկատեմ նաեւ յունական բանաստեղծութեան հայերէն թարգմանութիւնը, որպէսզի մենք բարձր գրականութեան շնորհիւ ծանօթանանք այդ ժողովուրդի ներկայ պայքարներուն եւ ապագայ երազներուն:

Տեղեակ եմ, որ ունիք հարուստ գրադարան: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ յատկապէս հայկական գիրքեր հաւաքելու ձեր մղումը: Արդեօ՞ք այլ նախասիրութիւններ  ունիք

Ըլլալ հայերէնի ուսուցիչ եւ չունենալ հայկական գիրքերու հաւաքածոյ՝ ինծի համար աներեւակայելի է: Ունիմ 4-5 հազար  հայկական գիրք: Ունիմ նաեւ յունարէն, թրքերէն եւ անգլերէն գիրքեր, որոնց թիւը մօտաւորապէս 1000 է:Հայկականներուն մէկ մասը հնատիպ գիրքեր են (1650-1850): Ունիմ նաեւ հայկական ձեռագրեր եւ հայատառ-թրքերէն գիրքեր:

Ինծի համար անհրաժեշտ է, անշուշտ, գրական ժառանգութիւնը: Դանիէլ Վարուժանի, Ծերենցի (Յովսէփ Շիշմանեան), Սրբուհի Տիւսաբի, Պերճ Պռոշեանի, Վահան Տէրեանի, Խրիմեան Հայրիկի, Զապել Եսայեանի եւ Վահան Թէքէեանի առաջին տպագրութիւնները գրադարանիս բիբերն են: Առատօրէն կը հաւաքեմ եւ կ՛ընթերցեմ նաեւ Հայաստանի մէջ հրատարկուած ժամանակակից  գրականութիւնը: Բախտաւորութիւնը ունիմ Հայկական գաւառներու մէջ (Նիկոմեդիա, Զմիւռնիա, Սամսոն, Տարպիզոն, Վան, Մերզիֆոն, Կիրասոն, Ատաբազար) հրատարկուած գիրքեր հաւաքած ըլլալու: Հազուագիւտ գիրքերու մատենագիտական տուեալները կանոնաւորապէս կը փոխանցեմ Ազգային գրադարանին: Իսկ այն գիրքերը (նաեւ նամակներ, լուսանկարներ, օրատետրեր), որոնք առընչութիւն ունէին Հայոց ցեղասպանութեան հետ, հաւաքաբար նուիրած եմ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

Որպէս նախկին պոլսահայ, ամէն շաբաթ (սկսելով 9-10 տարեկանէն) քաղաքի հայկական եւ յունական հին թաղամասերու հնավաճառները այցելելով, հաւաքած եմ հայկական գիրքեր: Պատանեկութեան տարիներուն, ուրիշ աշակերտներու դաս տալով, իսկ ամառնային ամիսներուն մեր թաղի վարսավիրանոցին կամ սրճարանին մէջ աշխատելով շահած եմ փոքրիկ գումարներ ու այդ ամէնը ներդրած եմ օտարներու ձեռքէն հայկական գիրքեր «փրկելու» առաքելութեան համար:

Այս ամէնուն զուգահեռ, ունիմ այլ նախասիրութիւն մը եւս: Այժմ դպրոցական ամիսներուն սկսած եմ ստեղծել հայկական գրականութեան նուիրուած մեծածաւալ պաստառներ: Կը սիրեմ մեր գրական գլուխգործոցները արուեստով պատրաստուած մէկ թուղթի վրայ տեսնել, որպէսզի յանկարծ չկորսնցնեմ զանոնք: Ուստի, դասարանին մէջ ունինք Վարուժանի «Հարճը» եւ Խաչիկ Դաշտենցի «Ֆայտոն Ալեքը»: Ունինք նաեւ «ուղի», «նաւ» եւ «ախտ» բառերով սկսող կամ վերջացող բառերու պաստառներ: Մօտ օրէն կ՛ունենանք Թումանեանի «Քառեակները», Շնորհալիի «Հանելուկները», «Ողբ Եդեսիոն», Քուչակի «Հայրենները» եւ այլ գործեր:

Իսկ ամրան ամիսներուն, որպէս ուղեկցորդ, Հայաստան եւ Արցախ խումբեր կը բերեմ: Ճանաչողական այս պտոյտները հայկական գեղարուեստի, ճարտարապետութեան պատմութեան, պոեզիայի եւ հոգեւոր երգարուեստի ուղղութիւններ ունին: Այցելութեան ամէն վայրի համար՝ վանք, տուն-թանգարան, թանգարան, պատկերասրահ, պատրաստած եմ փոքր դասախօսութիւններ, երգ, շարական եւ արտասանութիւն:

Զրոյցի աւարտին, կ՛ուզեմ կրկին շնորհակալութիւն յայտնել ձեր եւ պետութեան ուշադրութեան համար: Ես կը պատկանիմ լաւատես այն խումբին, որ կը հաւատայ, թէ մտած ենք «Հայկական դարաշրջան»: Այդ համոզումով պէտք է յամառօրէն աշխատիլ եւ սերունդներ պատրաստել:

Լուսինէ Աբրահամեան

Յ.Գ. «Հայո՛ց լեզու, դու մեր անկողոպտելի գանձը եղար, մեր անընկճելի հայրենիքը: Մեր ժողովուրդը կորսնցուց գահ եւ թագ, զօրք եւ իշխանութիւն, աւեր եղան եւ աւար մեր բերդերն ու քաղաքները, աւար եղան մեր ինչքն ու գոյքը, բայց դո՛ւն մնացիր միայն կանգուն, մնացիր յաղթական: Ցնցոտի հագաւ մեր ժողովուրդը, բայց դո՛ւն ծիրանիով ծածկեցիր անոր հոգին, թշնամին ջախջախեց անոր սրունքը, դու թեւեր տուիր անոր` ժողովուրդին»: Որպէս վերջաբան մէջբերելով Նալպանտեանի խօսքերը` կը մնայ միայն աւելցնել, որ թեւեր կու տան նաեւ բոլոր այն մարդիկ (ծնող, ուսուցիչ կամ հեռաւոր  ազգական), որոնք տան մէջ, աւազի վրայ կամ գրատախտակին մեզի կը սորվեցնեն խօսիլ, գրել հայերէն ու հպարտանալ մեր Մայրենիով, որ մեր ինքնութեան, լինելիութեան ու տեսակի պահպանման փրկօղակն է` յատկապէս Սփիւռքի մէջ:

Scroll Up