Լորի Եունիսես. «Հայրենիքի մէջ հաղթահարելի են բոլոր վախերը…»

Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան “Արի տուն” ծրագրի ընթացքին տեղի կ’ունենան շատ զուարճալի դէպքեր, որոնց կեդրոնին են նոյն ծրագրի մասնակիցները: Նմանօրինակ դէպքի հերոս է 3-րդ փուլի մասնակից Լորի Եունիսես, որ Հայաստան եկած է Լիբանանէն: Լորիի հետ ծանօթանալու առիթ ունեցայ ծրագրի ծիրէն ներս, երբ զինք կը դիմաւորէի օդակայանի մէջ: Առաջին հայեացքէն աչքի կ’իյնար իր բարի ժպիտով: Ամբողջ ճանապարհին Լորին կը հիանար գիշերային լուսաւոր Երեւանով: Զրոյցի ժամանակ Լորին պատմեց իր մասին:

-16 տարեկան եմ, կ’ապրիմ Լիբանանի Պէյրութ քաղաքի մէջ, ծնողներս երկուքն ալ հայ են, մայրս Հայաստանի եւ հայ կրօնի պատմութեան ուսուցչուհի է, հայրս` ծրագրաւորող: Կը յաճախեմ Պէյրութի Հայ Աւետարանական քոլէջ, արդէն 10 տարի է ջութակ կը նուագեմ: Ես կը տիրապետեմ անգլերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն, բայց տան մէջ մենք միայն հայերէն կը խօսինք: Միշտ երազած եմ այցելել հայրենիք, արդէն քանի տարի է կը ցանկայի մասնակցիլ “Արի տուն” ծրագրին, բայց միայն այս տարի յաջողեցայ:

Երբ հասանք հիւրընկալ ընտանիքի բնակարան, Դաւիթաշէն համայնքի “Արի տուն” ծրագրի համակարգող Տիգրան Գալստեանը, իբրեւ աղջիկը ուրախացնելու փաստ, տեղեկացուց, որ տան մէջ երկու փոքրիկ շնիկներ կան: Լուրը լսելուն պէս Լորին յայտնուեցաւ տան դարպասներուն ետեւ` յայտնելով, որ ներս չի մտներ: Տան շեմին կեցած հիւրընկալ տան տիկինը` իրանահայ Արլետ Աւագեանը, կը փորձէր համոզել Լորին, որ շնիկները չեն խածներ, բայց շնիկներու իւրաքանչիւր ձայնէն Լորին աւելի կը վախնար: Տան տիկնոջ հետ միասին բռնեցինք շնիկները, իսկ Լորին արագ մտաւ ներս: Մենք շնիկները բանտարկեցինք շքամուտքի դրան ետեւ եւ յառաջացանք: Մէկ վայրկեան ետք դուռը բացուեցաւ, եւ շնիկներու ներս մտնելն ու Լորիի ճիչը մէկ եղաւ: Բազմոցի շուրջ սկսաւ շուրջպար. Շնիկներէն մէկը կը վազէր Լորիի ետեւէն, ես շնիկի ետեւէն, տան տիկինը ետեւէս, իսկ պարոն Գալստեանը`  միւս շնիկի, ու բոլորս կը բղաւէինք: Ի վերջոյ յաջողեցանք միւս սենեակ տեղափոխել շնիկները, իսկ աստիճաններու վերը յայտնուած Լորին վախէն չէր իջներ: Քիչ անց ամէն ինչ հանդարտեցաւ, եւ մենք հեռացանք: Յաջորդ օրը պարոն Գալստեանը, հիւրը իր տուն տեղափոխելու նպատակով, կ’այցելէ հիւրընկալ ընտանիք: Ներս մտնելուն պէս ան կը տեսնէ Լորիին բազմոցին նստած` շնիկը գիրկը, եւ աղջիկը իր բարի ժպիտով կը բացատրէ, որ հայրենիքի մէջ ըլլալը օգնեց անոր յաղթահարել վախը:

Ծրագրի 3-րդ փուլի բացման կրկին հանդիպեցայ Լորիին, եւ ան կիսուեցաւ իր տպաւորութիւններով:

-Շատ սիրեցի Երեւանը՝ շատ գեղեցիկ է գիշերով: Մէկ օրուան մէջ հասցուցած եմ շրջիլ քաղաքով եւ շատ հաւանած եմ յատկապէս հրապարակի երգող շատրուանները: Շատ հաճելի է ինծի համար, երբ շուրջս բոլորը հայերէն կը խօսին:

-Ինչպէս կը կը զգաս ինքզինքդ հիւրընկալ ընտանիքէն ներս:

-Հիանալի, շատ ջերմ են, անոնց հետ հանգիստ եմ: Տիկին Աւագեանը իր տան մէջ հիւրընկալած է նաեւ ծրագրի այլ մասնակից մը` Շանթը, որուն հետ շատ շուտ մտերմացանք:

-Լսած եմ մտերմացած ես շնիկներու հետ, ինչպէ՞ս եղաւ:

-Այո, ես սիրեցի շնիկները: Առաւօտեան երբ կը նախաճաշէինք, վախէն աչքերով կը փնտռէի զիրենք: Յանկարծ զգացի, որ շուներէն մէկը ոտքիս տակ է, ու երբ սկսաւ խաղալ ինծի հետ, վախս անմիջապէս անցաւ: Քիչ անց ես մօտեցայ անոնց, նախ զգուշօրէն շոյեցի, իսկ յետոյ վախը բոլորովին անցաւ: Կարծեմ հայրենիքի մէջ բոլոր տեսակի վախերը կ’անցնին:

-Հպա՞րտ ես, որ հայ ես:

-Շատ: Ես հպարտ եմ, որ Հայաստանի մէկ մասնիկն եմ: Այստեղ է տունս: Շնորհակալ եմ Սփիւռքի նախարարութենէն ինծի նման հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:

Պատրաստեց Մարիաննա Անանեան

Scroll Up