«Ես Ուրախ Եմ, Որ Իմ Երեխաներս Բացի Հայաստանէն, Այլ Վայրի Մէջ Իրենց Ապագան Չեն Պատկերացներ». Անժէլա Աճեմեան

Անժէլա Աճեմեան Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած է աւելի քան 1 ու կէս տարի առաջ 3 երեխաներուն` Յովհաննէսի, Մեղեդիի եւ Մովսէսի հետ: Հայաստան գրկաբաց  ընդունած է անոնց, սակայն Հալէպի մէջ ստացած վէրքերը դեռեւս չեն սպիացած: «Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին Անժէլան կը պատմէ պատերազմի բերած դժոխքին, Հայաստան-Հայրենիքի եւ կիսատ մնացած պատմութիւնը նորովի շարունակելու մասին:

-Անժէլա՛, կ’ըսեն` Հալէպի մէջ չկայ  հայ ընտանիք մը, որ 1915-ի իր պատմութիւնը չունենայ: Ու՞ր կը տանին Ձեր արմատները:

– Այո՛, սուրիահայ իւրաքանչիւր ընտանիք իր գերդաստանի պատմութիւնը կը սկսի Արեւմտեան Հայաստանէն: Հօրս հայրը սասունցի  եղած է, անոր ընտանիքը տեսած է ցեղասպանութիւն, ապրած այդ դժոխքին մէջ: Ինչպէս մեծհայրս կ’ըսէր` ճակատագիրը ճակատներու վրայ գրուած  տեսած են: Փախուստի ճամփան բռնելուն` մեծհօրս մայրը իր աղջիկներուն մազերը հիւսած է իրարու ու նետած գետը, որպէսզի թուրք ասկեարները յանկարծ չփորձեն մատով անգամ դիպչին, պղծեն անոնց: Շատ խիզախ ընտանիք  եղած են. Տիգրան մեծհայրս զինեալ  եղած է, թրքական բանակէն զէնքը գողցած, բաշխած է հայ զինուորներուն, որ պաշտպանուին, սակայն երբ թուրքերը իմացած են ճշմարտութիւնը, հետապնդած են անոր, եւ մեծ հայրս թուրքերու ձեռքով չզոհուելու համար թոյն խմած եւ մահացած է:

Հօրս հայրն ալ, երբ  փոքր էինք, միշտ մեզի կ’ըսէր, որ իսլամներուն չվստահինք, քանի որ  անցած էին անոնց պատճառած արհաւիրքին մէջով: Յետագային, երբ մենք ապրեցանք այս ամէնը, մեծհօրս պատմածը  նոր ձեւով վերաիմաստաւորուեցաւ ինծի համար:

-Անժէլա’, այնուամենայնիւ, Հալէպ բառը արտաբերելնուդ Ձեր աչքերուն լոյս ու յիշողութիւններ կ’արթննան: Կ’ենթադրեմ, որ նախքան պատերազմը խաղաղ, բարեկեցիկ ու երջանիկ կեանքով  ապրած էք:

– Այո’, այդպէս  եղած է: Ես մանկապարտէզի մէջ դաստիարակչուհի կ’աշխատէի, բայց քանի որ երեխաներս փոքր էին, ստիպուած էի աշխատանքս ձգել` անոնց խնամելու եւ մեծցնելու համար: Սակայն ամուսինս կ’աշխատէր երկու տեղ` սառոյցի գործարան ունէր, իսկ երկրորդ արհեստով` երկաթագործ էր: Կ’աշխատէր, արդար քրտինքով կը վաստակէր իր հացը, եւ մենք բաւարարուած ու շնորհակալ էինք մեր ունեցածով (կը լռէ, աչքերը մշուշոտ են-հեղ.):

-Ին՞չ պատահեցաւ յետոյ: Ինչպէ՞ս պատերազմը ներխուժեց Ձեր կեանք:

– Պատերազմը նոր  սկսած էր: Ամուսնուս աշխատանքին վայրը քաղաքէն քիչ մը հեռու էր` մօտակայ գիւղի մը մէջ, քանի որ կառավարութիւնը կ’արգիլէ քաղաքին մէջ գործարաններ ունենալ եւ աշխատցնել: Երբ իսլամական բանակը յարձակեցաւ այդ գիւղին վրայ, ամուսինս` Մինասը, եւ անոր հայրը` այնտեղ էին: Դրացիներէն մէկը, որ խմած, ոչ սթափ վիճակի մէջ եղած է, մատնած է, որ գործարանին մէջ քրիստոնեայ հայր ու որդի կ’աշխատին` ոչ իրենց կրօնէն ու հաւատքէն, ոչ իրենց ազգէն, իսկ իսլամիստերուն համար, որոնց ուղեղները լուացուած է, ով իրենցմէ չէ, ուրեմն իրաւունք չունի ապրելու: Այդ էր պատճառը, որ ամուսնուս եւ կեսայրիս- առեւանգեցին: Քանի մը օր լուր չունենալէ յետոյ` ես մարդ ուղարկեցի անոնց ետեւէն, նամակ գրեցի, քանի որ հեռախօսակապերը չէին աշխատիր, իսկ պատասխանը չկար ու չկար:

Միայն մէկ շաբաթ անց լուրը տեղ հասաւ, երբ հայերէն մէկը կրցած էր փախուստի դիմել եւ հասնիլ քաղաք:  Ըստ անոր` իսլամիստները առեւանգած եւ գերի կը պահէին ամուսնուս եւ իր հօրը անոնց «դատելու համար»: Մենք արդէն կը պատկերացնէինք, թէ ինչ կրնար պատահիլ, ատոր համար  իսլամ մը ուղարկեցինք անոնց մօտ, որ իրենց հաւատքէն  ու գաղափարակից էր (հայ չէինք կրնար ուղարկել, քանի որ կ’արժանանար ամուսնուս ճակատագրին): Անոր միջոցով գումար առաջարկեցինք, պատրաստ էինք տալ այն, ինչ կը ցանկային: Սակայն զինեալները չէին խոստովանած, որ իրենց մօտ նման մարդիկ կը պահուին (դարձեալ ձայնը կը դողայ-հեղ.):

– Եւ իսկապէ՞ս անոնց մօտ չէին:

-Ո’չ, մենք վստահ էինք, որ անոնք կը պահեն, ես անգամ կը պատկերացնեմ` ինչ տանջանքներու  ենթարկած են , սովի մատնած: Մէկ ժամը մէկ դար էր մեզի համար, գիշեր ու ցերեկ խառնուած էին իրար: Մէկ ամիս անց ես հեռախօսազանգ ստացայ: Զանգողը իսլամ մըն էր, կը խօսէր իրենց լեզուով: Իր ըսելով` փաստաբան էր, դարձեալ գերի  ինկած, ամուսնուս հետ մնացած այդ մէկ ամիսը, սակայն կրցած էր ազատուիլ: Ես սկիզբը չհաւատացի, սակայն ան գիտէր այնպիսի բաներ, որ միայն ամուսինս կրնար անոր պատմած ըլլալ: Ան ինծի փոխանցեց, որ Մինասը եւ Յովհաննէս հայրիկը ողջ են: Նոր յոյս էր ատիկա: Ես անկէ փորձեցի փրկութեան ճամփաներ հարցնել, սակայն ան, հեգնելով, ըսաւ, որ իսլամիստները եւ’ փող ունին, եւ’ զէնք, եւ’ մարդկային մեծ ներուժ: Պարզապէս անոնց նպատակը ամուսնուս եւ իր հօրը կրօնափոխ ընելն է:

Այս դէպքէն անցաւ 4 ամիս: Անասելի դժոխք էր: Սակայն զանգը չուշացաւ: Ես լսեցի ամուսնուս եւ անոր հօր մահուան բօթը: Յետ զանգահարեցի իսլամ փաստաբանին, որ ճշտէ լուրը: Մէկ օր անց ան զանգահարեց եւ ըսաւ, որ ամուսնուս եւ հօրը սպաննած են կրօնափոխ չըլլալլու պատճառով:

Մեզի անգամ դիերը չտուին, չնայած ամէն ինչ ըրինք, նոյնիսկ Կարմիր խաչին դիմեցինք: Սակայն զինեալները պատասխանած էին, որ եթէ ետ վերադարձնեն մարմինները, մենք անոնց քրիստոնէական կարգով կը թաղենք, ատոր համար իրենք պիտի թաղեն, այն ալ` իսլամական ծէսով: 5 օր սպասեցինք, ու կամաց-կամաց դիերը ետ ստանալու յոյսը մարեցաւ (Զրոյցը քիչ մը դադրեցաւ: Ներս  մտաւ Մեղեդին, որ իրեն հետ սենեակին մէջ թեւածող տխրութիւնը ցրող լոյս բերաւ: Ան եկած էր դպրոցական տետրերը վերցնելու):

-Անժէլա, կը պատկերացնեմ` որքան դժուար եղած է: Սակայն որքան ալ տեղին չէ, ժողովրդական խօսքը կ’ըսէ` քանի դեռ երկրագունդը կը պտտի, կեանքը կը շարունակուի: Ինչպէ՞ս շարունակուեցաւ Ձեր եւ Ձեր երեխաներուն կեանքը:

– 2 ամիս անց զանգահարեցին ինծի ու սպառնացին` ըսելով, որ գիտեն տունիս տեղը, ու թէ երեխաներս ինչ դպրոց կը յաճախեն: Թաղամասին մէջ լրտեսներ շատ կային: Անհնար էր արդէն այդ պայմաններուն մէջ ապրիլը: Ես հոգեպէս ամբողջովին քայքայուած էի, երեխաներս ընկճուած էին: Ինծի կը մնար միայն երեխաներուս անվտանգութեան համար ամէն կերպ դուրս գալ այդ երկրէն: Սակայն կառավարութիւնը ամուսնուս մահուան կամ անյայտ կորածի թուղթը չտուաւ, քանի որ ֆիզիկապէս անոր մարմինը չկար: Ես այդ թուղթին պէտք էր 3 տարի սպասէի: Երեխաներուն առանց հօր ստորագրութեան երկրէն դուրս չէին ձգեր: Ես ստիպուած էի ստել, որ ամուսինս Լիբանան կ’աշխատի, ու ես շտապ անոր մօտ պէտք է  երթամ: Այդպէս հասայ Պէյրութ: Այնտեղէն ալ 15 օր յետոյ եկանք Հայաստան:

-Կրկին սկսիլ ամէն ինչ : Ո՞ւր դրիք մեկնակէտը:

-Այո’, սկսիլ զերոյէն: Ինծի չէր թուեր, թէ ես կրնամ կրկին ապրիլ, բայց… երեխաներս ուժ տուին: Այն փաստաբանը, որ Մինասին հետ մէկ ամիս մնացած էր, ինծի առաջին զանգին ժամանակ փոխանցած էր անոր խօսքերը. «Ես երեխաներուս խնամքը միայն քեզի կը ձգեմ: Անոնց ապագան այս երկրէն դուրս թող ըլլայ: Դաստիարակէ’ անոնց այնպէս, ինչպէս կ’ընէինք ատիկա միասին»: Այդպես ալ կը շարունակեմ:

Երեւանի մէջ երեխաներուս դպրոցը հիանալի է, ուսումը եւս: Միջավայրը շատ առողջ է, բոլորը կը ցանկան օգնել: Այստեղ մեզի շատ օգնեցին, շա՜տ: Հիմա ալ պատրաստակամ են օգնելու: Երբեք սուրիահայ կամ հայաստանցի անջրպետը չեմ զգացած:

Ինծի համար Սուրիան կը մնայ հայրենիք: Երբ 6-րդ դասարանին Հալէպի մէջ հանդէսի ժամանակ Հայաստանի հիմնը կ’երգէինք, ես ամբողջ մարմնով կը փշաքաղուէի, իսկ հիմա, երբ այստեղ Սուրիոյ քայլերգը կը լսեմ, կարօտէս արիւնս կը պաղի երակներուս մէջ: Իմ ամենաերջանիկ օրերը այնտեղ  անցած են: Դժբախտ օրերս դարձեալ յիշել չեմ ուզեր:

Իսկ երեխաներուս համար Հայաստանը միակ հայրենիքն է: Դպրոցը երկրորդ տունն է, ուսուցչուհիները` երկրորդ մայր: Այդպէս չէր ըլլար, եթէ անոնք այն ընկալումը չունենային, որ սա իրենց հայրենիքն է: Ի հարկէ, հոգեբանօրէն դեռ վէրքերը չեն սպիացած, սակայն իմ երեխաներս այստեղ ուրախ են:

-Անժէլա’, Ձեր երեխաներուն ապագան Ձեր ապագան է նաեւ: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք այդ ապագան:

– Գիտէք, երբ Մինասը ողջ էր, ամէն գիշեր երեխաներուն հետ կ’աղօթէր, կը սորվեցնէր անոնց տարբեր աղօթքներ: Հիմա ալ երեխաներս կ’աղօթեն: Փոքրս` Մովսէսը, կ’ըսէ, որ հայրիկը գիշերները կ’իջնէ, կը համբուրէ իրեն, դարձեալ կը բարձրանայ վերեւ:

Մինասի հոգեւոր ներկայութեամբ ու Տիրոջ բարեհաճութեամբ կը փորձենք ապրիլ ու մտածել ապագայի մասին: Երբ հայրը իր փոքրիկ երեխային օդը կը նետէ, երեխան կը հրճուի, չի վախնար իյնալէն, քանի որ վստահ է` հայրը պիտի բռնէ: Ես ու  իմ երեխաներս կորսնցուցած ենք այդ վստահութիւնը, սակայն այստեղ կը փորձենք վերագտնել զայն: Ես ուրախ եմ, որ իմ երեխաներս բացի Հայաստանէն, այլ վայրի մէջ իրենց ապագան չեն պատկերացներ:

Ամալեայ Կարապետեան

ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի 4-րդ դասարանի ուսանողուհի

 Հ. Գ. Անժէլայի տան սեղանին դրուած նկարին մէջ երջանիկ ընտանիք մըն է` մայր, հայր եւ երեք սիրունատես փոքրիկներ: 2 տարի առաջ կեանքը այդ նկարը   քիչ մը վերախմբագրեց, սակայն երջանիկ ընտանիքի մնացած անդամներուն համար այն կը մնայ չխմբագրուած: Այսօր ալ, Անժէլայի մատնեմատը օղակուած է ամուսնական գեղեցիկ մատանիով, իսկ երեխաները հայրիկին մասին միայն ներկայով կը խօսին:

Scroll Up