«Ամենամեծ Հարստութիւնը Ինծի Համար Երեխայիս Հայրենիք Տալն Է». Մակի (Մարգարիտ) Պոշնակեան-Ճորճեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Ֆրանսայի հրաշագեղ Նիս քաղաքէն  հիւրընկալուած  «Melting Dance» պարի դպրոցի հիմնադիր-ղեկավար Մարգարիտ (Մակի) Պոշնակեան-Ճորճեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը. ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը  ներկայացնենք այդ  հարցազրոյցը:

-Մարգարի՛տ, թոյլ տուէք Ձեզի այսպէս դիմել` հայկական լիարժէք ու գեղեցիկ անունով.  ինչպէ՞ս յայտնուած էք հեռաւոր Ֆրանսայի միջերկրածովեան  Նիս քաղաքին մէջ:

-Ես ծնած եմ Պոլիս: 5 տարեկան  եղած եմ, երբ ընտանիքով տեղափոխուած ենք Ֆրանսա:

-Դուք հրաշալի կը խօսիք արեւմտահայերէնով, պահպանած էք լեզուն, չէք մոռցած մայրենին. ըսէք, խնդրեմ, թէ որուն  պարտական էք ատոր համար:

-Մօ՛րս. ա՛ն է մեր ընտանիքէն ներս պահած ու պահպանած հայոց լեզուն: Հայ օճախներու մէջ լեզուն պահողները հիմնականին մէջ հայ մայրերն են, շնորհակալ եմ մօրս: Յաճախած եմ ֆրանսական դպրոց եւ շատ արագ սորված ֆրանսերէն լեզուն:

-Կը կարօտնա՞ք  Ձեր  ծննդավայրը:

-Անկեղծօրէն պէտք է ըսեմ, որ չեմ կարօտնար, ուղղակի երբեմն կը յիշեմ զայն: Պատճառներէն մէկն այն է, որ շատ փոքր  եղած եմ, երբ տեղափոխուած ենք Ֆրանսա եւ իմ  ծննդավայրէս գրեթէ բան չեմ յիշեր, միւս պատճառն ալ այն է, որ  թուրքը կը մնայ թուրք:  Մեծ մայրս, շատ ափսոս, Թուրքիոյ մէջ  մահացաւ, բնականաբար, գացինք,  ու ես հասկցայ, որ այնտեղ  տեսակ մը կը ճնշուիմ:  Ծննդավայր երթալու ուրիշ առիթ չէ եղած:

-Ֆրանսայի մէջ դպրոց յաճախելու տարիներուն ֆրանսացի երեխաները տարբերութիւ՞ն  դրած են  իրենց եւ Ձեր միջեւ. այդ առումով խորթութիւն զգացա՞ծ էք:

-Նախ` ըսեմ, որ տեղափոխուելէ 10 ամիս անց հայրս մահացաւ. ատիկա մեծ հարուած էր մեր ընտանիքին համար: Ընդամէնը 34-ամեայ երիտասարդ մայրս հոգիի տոկունութեամբ յաղթահարեց  բոլոր դժուարութիւնները եւ պահեց իր ընտանիքը` ինծի ու ինծմէ 10 տարի մեծ եղբօրս: Ես շատ լաւ մանկութիւն  ունեցած եմ: Դպրոցին մէջ, շրջապատիս մէջ ես երբեք  օտար չեմ զգացած:

Մակի՛, դպրոցն աւարտելէ յետոյ ո՞ւր շարունակեցիք Ձեր ուսումը, ի՞նչ մասնագիտութիւն ձեռք բերիք:

-Դպրոցն  աւարտելէ  յետոյ հաշուապահութիւն եւ ոճաբանութիւն ուսանեցայ. հմուտ էի այդ գործերուն մէջ, սակայն իմ աշխարհս պարն էր, ու ես պարի դպրոց բացի: Ես Նիսի մէջ պալէի  յաճախած եմ: Շատ երիտասարդ հասակիս  պարած եմ  մեր «Նայիրի» պարային խումբին մէջ: Երբ Հայաստան եկայ, յաճախեցի Սոֆի Դեւոյեանի, Սուրէն Չանչուրեանի մօտ, Հայաստանի մէջ ալ ստացայ իմ տիպլոմս: 2007-ին բացի իմ պարի դպրոցս, ուր կը սորվեցնենք ամէն տեսակի պարեր, հայկական պարերը ես կը սորվեցնեմ: Ես պարած եմ մեր «Նայիրի» պարախումբին մէջ, որ անցեալին կը կոչուէր Մշակութային պարախումբ: Բացի իմ պարի դպրոցէս` կ’աշխատիմ նաեւ «Նայիրի» պարախումբին` դասաւանդելով պարի բեմադրութիւն: Կը փափաքիմ, որ մեր պարախումբը ըլլայ Հայաստանի մէջ. յուսանք, որ «Նայիրի» համահայկական փառատօնին կը հասցնենք պատրաստուիլ ու մասնակցիլ:

Ինչպէ՞ս կը լուծէք պարախումբի տարազներու  ընտրութեան, ատոնք հայթայթելու շատ կարեւոր ու նուրբ  հարցը. որո՞ւն հետ կը խորհրդակցիք տարազներու պատրաստման, ատոնց` Պատմական Հայաստանի բոլոր գաւառներուն բնորոշ բոլոր մանրամասնութիւններու Ճիշդ ընտրութեան հարցով:

-Կ’օգտուինք եղած գիրքերէն, կ’ուսումնասիրեմ մանրամասնութեամբ. ես նկարած եմ այդ բոլոր մանրամասնութիւնները: Եթէ հնարաւոր ըլլայ,  տարազներ կը գնենք այստեղէն: Ատոնք կարելու հարցով ինծի շատ կ’օգնէ մայրս` վաստակաշատ մանկավարժ Հռիփսիմէ Պոշնակեան, որուն Նիսի քաղաքապետը մանկավարժական երկարամեայ եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան համար պարգեւատրած է ոսկէ մետալով:  Մենք կ’աշխատինք հնարաւորինս մօտ ըլլալ մեր պատմական տարազներուն: Ատոնք հայթայթելու գործին մէջ նիւթապէս կ’աջակցին  պարախումբի անդամներու ծնողները:

– Գործնակա՞ն այցով եկած էք հայրենիք…

-Եկած եմ ` կարօտի թեւերով,  հետս են նաեւ  ամուսինս ու 3-ամեայ  երեխաս:  Ես  3-րդ անգամ կու գամ Հայաստան, ամուսինս` առաջին անգամ: Կը ցանկամ, որ իմ բալիկս կապուի Հայաստանին, որ իր ապագան կառուցէ մեր Հայրենիքին մէջ: Ամենամեծ հարստութիւնը երեխայիդ Հայրենիք տալն է: Շատ տեսարժան վայրեր  այցելած ենք, եղած ենք Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ  եւ Մոնումենտ անուանուող բարձունքէն դիտած ենք Երեւանի գեղեցիկ համայնապատկերը: Գացած ենք Սեւան, Օշական, Գառնի, Գեղարդ, Էջմիածին, Ջերմուկ…ուր որ գացինք, Հայրենիք է:

-ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժումը ծանօ՞թ է Ձեզի:

-Այո՛, ծանօթ է, աւելին` մենք այդ շարժման աշխոյժ մասնակիցներէն ենք:  Նիսի  հայ մշակոյթի տունը նոյնպէս աջակցութիւն  ցուցաբերած է Ղարաբաղին. Ապրիլեան քառօրեային զոհուած 6 զինուորներու ընտանիքներու աջակցած ենք նիւթապէս, բժշկական պարագաներ (վիրակապեր)  տրամադրած ենք զինուորներուն: Բախտ չէ վիճակուած Արցախ այցելել. յուսամ, որ յաջորդ այցիս կը կարենամ այցելել Արցախ: Հիմա կը մտածենք, թէ յաջորդ օգնութիւնը ինչ տեսքով ուղարկենք:

-Ին՞չ է Ձեզի  համար  Հայրենիքը, Մարգարի՛տ:

-Ամէն ինչ` ապահովութիւն, սէր, լոյս, ապագայ:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

Scroll Up