«Մշտական Վերադարձս Հայաստան` Շատ Մօտ Է». Ամալիա Ակոպովա

Հայրենիքի մէջ կատարած ամէն  ներդրում հայրենասիրական խօսուն քայլ է, որմով  Հայաստանի մէջ կը  ստեղծուին աշխատատեղեր, ինչ-որ չափով կը զարգանայ այս կամ այն ոլորտը, եւ շահոյթ կ’ունենայ նաեւ ինքը` ներդրողը: Այդպիսի նախաձեռնութիւններէն մէկուն հեղինակը երիտասարդ  հայուհի Ամալիա Ակոպովան է, որուն  հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ծաւալուած զրոյցին ընթացքին ինծի զարմացուց եւ հիացուց Ամալիայի  աշխոյժ,  գաղափարապէս շատ հասուն, ինքնատիպ, եռանդուն գործելակերպը, որմէ ալ ծագեցան  յաջորդող հարցադրումներս:

-Ամալիա՛,  ո՞ւր կը բնակիք եւ կ’աշխատիք այս  օրերուն:

-Ես  կ’աշխատիմ եւ կ’ապրիմ եւ՛ Երեւանի, եւ՛ Մոսկուայի մէջ. Երեւանի մէջ «Վարդանուշ տատիկ» զբօսաշրջային ընկերութեան  հիմնադիրն եմ, նաեւ`  արդէն 9-ը տարի  որպէս  գլխաւոր խմբագիր  կ’աշխատիմ Մոսկուայի հեռուստատեսութեան` առաջին ալիքին մէջ, ստեղծագործական  գիծով արտադրող եմ:  Մասնագիտութեամբ լեզուաբան եմ,  մասնագիտացած եմ գերմաներէնի եւ անգլերէնի  գիծով, սակայն համալսարան աւարտելէ անմիջապէս յետոյ աշխատանքի  անցած եմ հեռուստատեսութեան մէջ. ի հարկէ՛, լեզուներու իմացութիւնը  այնտեղ անպայման օգնած է ինծի, առաւել եւս` կ’օգնէ  զբօսաշրջային ընկերութեան աշխատանքին մէջ:

-Ամալիա՛, իսկ ինչու՞ այդպիսի անուանում` «Վարդանուշ տատիկ». հարազատի՞ անուն է…

-Ես այդպէս  անուանած եմ ընկերութիւնը իմ տատիկներէս մէկուն պատուին, բացի այդ` Երեւանի մէջ գրեթէ բոլոր զբօսաշրջային ընկերութիւնները  Travel-ով կը սկսին, ես ցանկացայ, որ իմ ընկերութեանս անուանումը տարբերուի:

-Որ՞ն է զբօսաշրջային աշխատանքին մէջ  Ձեր գերնպատակը:

-Ես կ’ուզեմ այնպէս ընել,  որ աշխարհի տարբեր ծայրերէն Հայաստան եկող  զբօսաշրջիկներուն համար այդ ուղեւորութիւնը ամէնէն առաջ վերածուի տօնի: Իմ նպատակս է ձեւաւորել   մեր երկրի զբօսաշրջութեան իւրայատուկ  դիմագիծը: Այժմ ես կ’աշխատիմ հէ՛նց այդ ուղղութեամբ: Նոյնիսկ Ռուսաստանի մէջ, ուր մեզի շատ լաւ կը ճանչնան, Հայաստան շատ լաւ ներկայացուած է, եթէ փողոցի մէջ  պատահական, սովորական անցորդի մը կանգնեցնէս ու հարցնէս արդեօք ի՞նչ կը մտածէ, ի՞նչ գիտէ Հայաստանի մասին, ան կը պատասխանէ այն, ինչ 70 տոկոսով չի համընկնիր մեր երկրին հետ. ցաւալի է, սակայն  անոնցմէ շատերը կը կարծեն, թէ Հայաստան իսլամական երկիր է: Ատիկա կը նշանակէ, որ մենք մեր երկիրը լաւ չենք ներկայացներ: Մենք պարտաւոր ենք մեր մշակոյթը հասցնել, լաւ ներկայացնել մարդոց, ու եթէ մարդիկ չեն ճանչնար մեզի, կը նշանակէ, որ մենք լաւ չենք ներկայացներ հայն ու Հայաստանը: Ատոր ճանապարհներէն մէկն ալ  զբօսաշրջային հետաքրքիր, գրաւիչ ծրագիրներու կազմակերպումն է:  Մեր ընկերութեան մէջ այս պահուն կ’աշխատի մօտ 5 մարդ, սա  նոր սկսող գործ է,  եւ առաջին զբօսաշրջային ընկերութիւնն է, որ որոշած է  Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ զբօսաշրջիկներուն   տեղաւորել ոչ թէ հիւրանոցային համարներու,  այլ` մասնաւոր տուներու մէջ:

Ամալիա՛, յաջողութիւնը կը ժպտի՞ Ձեզի:

-Փա՛ռք Աստուծոյ,  առ այժմ`այո՛:

-ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ ե՞րբ  բարեկամացած էք:

-Քանի որ ես հաւանական հայրենադարձ եմ, եթէ, ի հարկէ, արդէն հայրենադարձ չեմ կոչուիր, ապա հայրենադարձութեան շատ մօտ  կանգնած եմ,  մշտական վերադարձս Հայաստան ` շատ մօտ է: Ես  ծանօթացած եմ «Վերադարձ Հայաստան» կազմակերպութեան նախագահ Վարդան Մարաշլեանի հետ, ան շատ դրական փոփոխութիւններու առումով ոգեւորեց: Մենք կ’իրականացնենք  մշակութային ծրագիրներ. «Վերադարձ Հայաստան»-ի ծիրէն ներս ամիսը մէկ անգամ ձեռնարկներ  կ’իրականացնենք հայրենադարձուածներու ճաշարաններուն մէջ. սկսած ենք «Լիբանոն» ճաշարանէն, յետոյ` «Մանդալուն», յաջորդ ճաշարանը`«Նոր գիւղ»-ն է, ուր պէտք է Փետրուարի կէսերուն  կազմակերպենք ձեռնարկ-հանդիպում, Մոսկուայէն  13 տարի հայրենադարձուած  հայորդիի մը կը պատկանի: Ինծի համար շատ կարեւոր է սատարել այս մարդոց եւ ոչ միայն սատարել, այլեւ ցոյց տալ Հայրենիք վերադարձածներու յաջողութիւնները:  Որեւէ ճաշարանի մէջ խոհարարական վարպետութեան դասեր ցուցադրելուն, համեղ կերակրատեսակներ, խորտիկներ պատրաստելուն եւ մատուցելուն զուգահեռ` այդ հայրենարձները նաեւ կը պատմեն  իրենց հայրենադարձուելու պատմութիւնը, Հայրենիքի մէջ հաստատուելու եւ նոր պայմաններուն  յարմարուելուն մասին, թէ ինչու  եւ երբ   հաստատուած են Հայաստանի մէջ : Այդ ընթացքին հիւրերը կրնան հարցեր տալ:

-Ովքե՞ր են  Ձեր ծաւալած գործունէութեան հովանաւորները,  ո՞վ  Ձեզ  ֆինանսապէս կ’օգնէ:

-Ես արդէն ըսի, որ կ’աշխատիմ Մոսկուա, որպէսզի ներդրում ընեմ իմ սեփական գործարարութեան համար: Հայաստանի մէջ ես երբեք ոեւէ մէկուն օգնութեան համար չեմ դիմած: Կը կարծեմ ` ատիկա բնական է իւրաքանչիւր մասնաւոր անձի համար, որ իր սեփական գործը կը ստեղծէ եւ կը ցանկայ ներդրում ընել իր Հայրենիքին մէջ:

-Շնորհակալութիւ՛ն, Ամալիա, կը սպասենք Ձեր նախընտրած ոլորտի նոր յաջողութիւններուն:

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up