Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Կ՛ունենայ «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրին Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

Օգոստոս 7-ին, ժամը` 13.00-ին, Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս` նուիրուած «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3, 8-րդ յարկ, խորհրդակցութիւններու սրահ):

Բանախօսներն են Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան եւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի պատասխանատու Հայկ Ենգիբարեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը օգոստոս 10-24 կ՛իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որ նախատեսուած է 13-21 տարեկան սփիւռքահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Ծրագիրն ունի երկու բաղադրիչ` կրթական եւ ճանաչողական: Կրթական բաղադրիչը կը ներառէ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներ (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն):

Ծրագիրի ճանաչողական մասը կը նախատեսէ մասնակիցներու այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, ինչպէս նաեւ շարք մը յառաջատար ուսումնական, ստեղծարար եւ արհեստագիտական  կեդրոններ: Հանդիպումներ պիտի ըլլան պետական պաշտօնեաներու եւ մշակութային գործիչներու հետ: Մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուի նաեւ ճամբարային քառօրեայ ծրագիր:

Scroll Up