«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» Կրթական Հիմնադրամի Եւ Սփիւռքի Նախարարութեան Միջեւ Ստորագրուեցաւ Յուշագիր

Սփիւռքի նախարարութեան մէջ  յուլիս 23-ին «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամի եւ Սփիւռքի նախարարութեան միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր:

Յուշագիրին նպատակն է համատեղել ջանքերը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կրթական ոլորտին մէջ համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ, կազմակերպել եւ իրականացնել ձեռնարկներ, որոնք կը նպաստեն Սփիւռքի ներուժի արդիւնաւէտ ընդգրկման ՀՀ տարբեր կրթական ծրագիրներու համատեղ իրականացման աշխատանքներուն մէջ:

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց համագործակցութեան համար եւ նշեց. «Իսկապէս մեծ հաճոյքով  ձեզի հետ կ՛աշխատինք, յոյսով եմ` ասիկա կը դառնայ լաւ նախադէպ նաեւ ապագային  իրականացուելիք ծրագիրներուն շուրջ կրկին միասին աշխատելու համար»:

«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» հիմնադրամի հիմնադիր տնօրէն Լարիսա Յովհաննիսեան նշեց, որ իրենք ալ  ուրախ են այս համագործակցութեան առթիւ ու պատրաստ են միանգամէն գործի անցնելու:

Յիշեցնենք, որ հիմնադրամը մշակած է «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի կրթական մասը:

«Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, նախատեսուած է 13-21 տարեկան սփիւռքահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Ծրագիրը կը մեկնարկէ օգոստոս 10-ին եւ կը տեւէ մինչեւ օգոստոս 24:

 

 

Scroll Up