Քայլ Դէպի Տուն». Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կ՛ազդարարէ Նոր Ծրագիրի Մեկնարկը

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, օգոստոս 10-24 ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 13-21 տարեկան սփիւռքահայ երեխաներու եւ երիտասարդներու համար պիտի իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս կ՛իրականացուին հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներ եւ կը կազմակերպուին ճանաչողական այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր:

Մասնակիցներու գիշերակացը կ՛ապահովուի հիւրընկալ ընտանիքներու մօտ, վերջին չորս օրը` ճամբարի մէջ:

Մասնակցութեան յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը յունիս 30-նն է:

Յայտադիմումները լրացնելու համար կրնաք այցելել այստեղ:

Scroll Up