«Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրին Կը Մասնակցին Սփիւռքահայ Երիտասարդներ` Աշխարհի 25 Երկրէ
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան եւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի պատասխանատու Հայկ Ենգիբարեան յուլիս 25-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ օգոստոս 10-24 իրականացուող «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրին վերաբերեալ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, Դաւիթ Սարգսեան մասնաւորապէս նշած է, որ «Քայլ դէպի տուն»-ը «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներու միաձուլումն է: «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երեխաները, գալով հայրենիք, կը սորվին հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանան հայկական աւանդոյթներուն ու մշակոյթին:
«Ամենակարեւոր հարցերէն մէկը ծրագիրի իրականացման համար իրականացուող մրցոյթներու թափանցիկութիւնն ապահովելն է: Կազմակերպչական հարցերը լուծելու համար իրականացուող մրցոյթին մասնակցած է չորս կազմակերպութիւն, որոնցմէ յաղթած է «Լոռ» հոլտինգ» Սպը-ն»,-ըսած է փոխնախարարը` աւելցնելով, որ ծրագիրի ծիրէն ներս մասնակիցները կ’ապրին հիւրընկալ ընտանիքներու մօտ: Այն ընտանիքները, որոնք կը ցանկան ծրագիրին մասնակից երեխայ հիւրընկալել իրենց ընտանիքէն ներս, պէտք է ելեկտրոնային տարբերակով լրացնեն համապատասխան յայտը:
Հայկ Ենգիբարեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ ծրագիրը նախատեսուած է 13-21 տարեկան սփիւռքահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Այն ունի երկու բաղադրիչ` կրթական եւ ճանաչողական: Կրթական բաղադրիչը կը ներառէ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներ (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն), մասնակիցները կ’այցելեն նաեւ Հայաստանի կրթական հաստատութիւններ, պատմամշակութային վայրեր, ժամանցի կեդրոններ: Ծրագիրի վերջին երեք օրը երեխաները կ’անցնեն ճամբարի մէջ:
Աւելցնենք, որ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրին կը մասնակցին Սփիւռքի մէջ բնակող շուրջ 500 պատանի եւ երիտասարդ` աշխարհի 25 երկրէ: