«Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցներէն Մէկը Կը Հիւրընկալէ Վարչապետին Ընտանիքը.տեսանիւթ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան  ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ կը տեղեկացնէ, որ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներէն մէկը կը հիւրընկալէ վարչապետին ընտանիքը:

«Եթէ դուք ալ պատրաստ էք միանալ մեզ, ապա լրացուցէք սոյն յայտադիմումը: Մասնակիցները 13-21 տարեկան են` աշխարհի տարբեր երկիրներէ»,-գրած է նախարարը:

Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ օգոստոս 10-24 Հայաստանի մէջ   պիտի իրականացուի «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը:  Ծրագիրն ունի երկու բաղադրիչ` կրթական եւ ճանաչողական: Կրթական բաղադրիչը կը ներածէ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներ (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն):

Scroll Up