Աւարտեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի Անցումային Առաջին Փուլը

Յուլիս 13-ին Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի անցումային առաջին փուլի փակման արարողութիւնը:

«Հայաստանը ձեր տունն է, եւ վստահ եմ, որ դուք դարձեալ պիտի գաք ձեր հայրենիք, որովհետեւ արդէն իսկ կապուած էք անոր մէկընդմիշտ: Ծրագիրի ծիրէն ներս դուք բարելաւեցիք հայերէնի ձեր գիտելիքները, սկսաք աւելի լաւ խօսիլ մայրենիով: Շնորհակալ ենք բոլոր հիւրընկալ ընտանիքներուն: Հայրենիքն այժմ ոչ միայն ձեր պատկերացումներու, այլեւ սրտի եւ հոգիի մէջ է»,-դիմելով արիտունցիներուն` ըսաւ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան:

Ծրագիրի մասնակիցները ասմունքեցին հայ գրողներու ստեղծագործութիւններէն, հնչեցուցին ասոյթներ հայոց լեզուի մասին, երգեցին ազգային, ժողովրական երգեր, պարեցին: Անոնք ազատ ժամանակ պատրաստած էին պաստառներ, որոնց վրայ պատկերած էին Հայաստանը, ըրած էին փոքրիկ գրառումներ:

Յիշեցնենք, որ «Արի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի անցումային առաջին փուլին մասնակցեցան 61 պատանիներ Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Հոլանտայէն, Պելճիգայէն, Չեխիայէն, Սլովաքիայէն, Գերմանիայէն, Կիպրոսէն, Իրաքէն եւ ԱՄՆ-էն:

Այս փուլին ընթացքին մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, թանգարաններ, ճատրակի մրցաշարի ծիրէն նյերս խաղցան սփիւռքի նախարարին հետ, անցան հայերէնի դասընթացներ:

Scroll Up