«Իմ Տան Դռները Միշտ Բաց Են Սփիւռքահայ Երիտասարդներու Առջեւ». Հիւրընկալ Ընտանիք

Երեւան քաղաքի Նոր Նորք վարչական շրջանի բնակչուհի Լիլիթ Առաքէլեան  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս արդէն 10 տարի իր տան մէջ կը հիւրընկալէ Սփիւռքէն ժամանած պատանիներն ու աղջիկները:

Փարիզէն, Ապխազիայէն, Մոսկուայէն, Հոլանտայէն եւ այլ քաղաքներէ ու երկիրներէ տիկին Լիլիթի տան մէջ  ապրած են 13 աղջիկ ու տղայ` արժանանալով անոր գրկաբաց ընդունելութեան ու մայրական քնքշանքին: Այս տարի հիւրընկալած է Փարիզէն ժամանած Իլոնային եւ Լորային, որոնց հետ արդէն մտերմացած է, իսկ Վարդավառի տօնը ջերմ մթնոլորտի մէջ նշած են Սեւանի մէջ:

Լիլիթ Առաքելեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ բոլորն ալ շատ խելացի, կայտառ, դաստիարակուած ու հայրենասէր երեխաներ  եղած են: Գրեթէ բոլորին հետ բարեկամացած են, մինչեւ հիմա համացանցի կամ հեռախօսի միջոցով կը շփուին` վերապրելով միասին անցուցած օրերը: Յատկապէս սերտ կապի մէջ են Հոլանտայէն Տաթեւիկի եւ Ապխազիայէն Սերգէյի հետ:

Սերգէյը` մասնակցելով «Արի տուն» ծրագիրին, այնքան ոգեւորուած  է անցուցած օրերէն, որ որոշած է տեղափոխուիլ Հայաստան: Կրթութիւն  ստացած է Երեւանի բժշկական համալսարանին մէջ եւ այժմ կ՛աշխատի «Արմենիա» հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ:

«Իմ տան մէջ հիւրընկալած երիտասարդներուն այնպէս  վերաբերած են, որ երբեք օտարութիւն չեն զգացած: Ծրագիրով նախատեսուած շրջագայութիւններէն տուն վերադառնալով` հանգստանալէ ետք միասին հայկական աւանդական ուտեստներ կը  պատրաստէինք եւ կը զրուցէինք իրենց տպաւորութիւններուն մասին: Հանգստեան օրերն ալ յագեցած կ՛անցնէին. երեկոները զբօսանքի կ՛երթայինք եւ լաւ ժամանակ կ՛անցնէինք»,-ըսաւ Լենա Կարապետեան` աւելցնելով, որ աղջիկներուն քուֆթա պատրաստել  սորվեցուցած է:

Լիլիթ Առաքէլեան վստահեցուց, որ յետագային եւս պիտի շարունակէ իր տան դռները սիրով բանալ սփիւռքահայ երիտասարդներու առջեւ, քանի որ այդ միջոցով անոնք կը ծանօթանան հայկական ընտանիքներու նիստուկացին, սովորոյթներուն, չեն մոռնար հայերէնը եւ կը կապուին իրենց Հայրենիքին:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up