«Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներու կարծիքները՝ ծրագիրին մասին
Հ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներու հայաստանեան օրերը այնքան յագեցած ու տպաւորիչ կ’ացնին, որ երիտասարդները կը խոստովանին, թէ այլեւս չեն ուզեր հեռանալ Հայրենիքէն: Անոնք «Հայերն այսօր»-ի հետ պարբերաբար կը կիսուին իրենց տպաւորութիւններով, ծրագիրին մասին կարծիքներով…երբեմն ալ կ’ըսեն, թէ այնքան շատ է յուզմունքն ու շնորհակալութեան զգացումը, որ չեն կրնար բառերով արտայայտել:
Կը ներկայացնենք տեսակարծիքներ` ծրագիրի 4-րդ փուլի մասնակիցներուն կողմէ:
Յիշեցնենք, որ այս փուլին կը մասնակցին 124 պատանի ու աղջիկ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Պելճիգայէն, Պելառուսէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պուլկարիայէն, Հոլնատայէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Ղազախստանէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն: