Միշտ Ուրախութեամբ Կը Հետեւինք «Արի Տուն» Ծրագիրի Ընթացքին. Սարգիս Պետոյեան
Ապրիլի 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն»-2017թ. ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ բարերար Սարգիս Պետոյեան, որուն մեկենասութեամբ Ալֆորվիլ քաղաքի «Ս. Մեսրոպ-Արապեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէլի «Համազգային» վարժարաններու աշակերտները Հայաստան եկած են, ելոյթին ընթացքին նշեց, որ արդէն 11 տարի է, երբ ան դեռ «Ս. Մեսրոպ-Արապեան» վարժարանի պատուոյ ատենապետն էր, կ’իրականացնեն այս ծրագիրը: Տարիներ յետոյ աշակերտներու ծնողները խանդավառուած միացած են` գիտակցելով օտարութեան մէջ ապրող իրենց երեխաներուն` Հայաստան այցելելու կարեւորութիւնը:
«Այս տարիներուն ընթացքին մեր ցանկութիւնը եղած է, որ սփիւռքահայ երիտասարդները Հայաստան այցելելով` կապուին իրենց արմատներուն, մօտէն ծանօթանան հայկական աւանդոյթներուն եւ Հայրենիքը հոգիներուն մէջ ունենալով` Ֆրանսա վերադառնան: Միշտ ուրախութեամբ կը հետեւինք «Արի տան» ընթացքին եւ համոզուած ենք, որ ծրագիրին ծիրէն ներս «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածին եւ միւս վայրերը այցելելով` ֆրանսաբնակ տղաները հայրենասիրութեամբ կը տոգորուին, քանի որ անոնք գուցէ ապագային Հայոց բանակի քաջարի զինուորները դառնան եւ պաշտպանեն մեր սահմաններու անառիկութիւնը»,- «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ`ըսած է Սարգիս Պետոյեան:
Այնուհետեւ բարերարը պատանիներուն ու աղջիկներուն յիշեցուցած է, որ 8-10 միլիոն հայերով` ուժեղ, համախմբուած ժողովուրդ են, եւ յորդորած հպարտանալ այդ ժողովուրդի զաւակները ըլլալու համար:
Աւարտին Սարգիս Պետոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին ջերմ ընդունելութեան եւ համագործակցութեան պատրաստակամութեան համար` վստահեցնելով, որ յետագային պիտի շարունակեն աշխուժօրէն մասնակցիլ «Արի տուն» ծրագիրին:
Գէորգ Չիչեան