Սփիւռքի Նախարարը Ճատրակ Խաղցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցներու Հետ
Յուլիս 11-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ հանդիպեցաւ «Արի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի անցումային փուլի մասնակիցներու հետ:
Կրթական եւ ճանաչողական մասէն բացի` ծրագիրի ծիրէն ներս նախատեսուած են հանդիպումներ նախարարին հետ:
Եւ ահա այսօր մասնակիցներուն համար իսկական տօն էր: Անոնք հնարաւորութիւն ունեցան 2,5 ժամ շարունակ նախարարին հետ ճատրակ խաղալու ու նաեւ սորվելու: Մխիթար Հայրապետեան խաղցաւ միաժամանակ 19 պատանիի հետ:
«Դեռ նման փորձառութիւն չեմ ունեցած, կը կարծեմ հետաքրքիր փորձութիւն կը սպասուի, «դուխո՛վ»,- ըսաւ նախարարն ու անցաւ խաղի:
Նախարարին հետ խաղին յաղթանակ տարաւ 17 ամեայ Անդրանիկ Սարգսեանը: Անդրանիկն Իրաքէն է,ճատրակ սկսած է խաղալ մանուկ հասակէն, չէր սպասեր, որ կը յաղթէ նախարարին: «Շատ դժուար խաղ էր, նախարարը շատ լաւ կը խաղայ, համոզուած չէի, որ կը յաղթեմ»,- անկեղծացաւ Անդրանիկը:
Անզիջում պայքար ունեցաւ Կիպրոսէն 12 ամեայ Արա Մահտեսեանը, որ որեւէ ձեւով չէր յանձնուիր, բայց վերջաւորութեան տեղի տուաւ:
Նախարարը բարձր գնահատեց պատանիին անկոտրում կամքն ու անոր շնորհաւորեց գեղեցիկ ու յամառ խաղ ցուցադրելու համար:
Հանդիպման աւարտին պատանիները լուսանկարուեցան նախարարին հետ` խոստանալով, որ պիտի շարունակեն բարելաւել իրենց գիտելիքներն այս մարզաձեւին մէջ: