Սիրեցի Հայաստանը Ու Կը Ցանկայի Կրկին Վերադառնալ. «Արի Տուն-2016» Ծրագիրի Մասնակից
Անտրէյ Գրիւգովը ծնած եւ մեծցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Մոսկուա քաղաքին մէջ: Միայն գիտէ, որ իր մօր մեծհայրը հայ է, սակայն մեծհօր մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի: Համալսարանին մէջ որպէս երկրորդ լեզու` հայերէն կը սորվի: Անոր ուսուցիչը պատմած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին մասին եւ առաջարկած մասնակցիլ:
Անտրէն Հայաստան եկած է քանի մը համադասարանցիներու հետ: «Մենք որոշեցինք օգտուիլ առիթէն ու մասնակցիլ ծրագիրին` Հայաստան աւելի լաւ ճանչնալու նպատակով»-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց 18-ամեայ Անտրէն:
Ան կ’ապրի Երեւանի պետական համալսարանի հանրակացարանին մէջ: Շատ հաւնած է Հայաստան, անոր կարծիքով` այստեղ արեւոտ է, տաք ու ամէն ինչ շատ բնական, մարդիկ բարեհամբոյր են ու ժպտերես, եւ Մոսկուայի մէջ ապրող մարդոցմէ շատ կը տարբերին:
«Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս արտասովոր ու հետաքրքիր ժամանակ կ’անցնէ, այցելած վայրերէն մեծ տպաւորութիւն ստացած է եւ հիացած Հայաստանի բնաշխարհով, կը պատմէ` ուրախ է, որ կրցաւ բացայայտել Հայաստանը ու նոր ընկերներ ձեռք բերաւ:
«Տարօրինակ զգացում ունիմ, երբ Հայաստանի մէջ մարդիկ ինծի կը հասկնան, բայց ես, ցաւօք, անոնց չեմ կրնար հասկնալ: Կը փորձեմ, բայց դժուարութեամբ կը ստացուի, միայն որոշ բառեր ու արտայայտութիւններ կը հասկնամ: Սակայն կ’աշխատիմ սորվիլ հայերէնն ու իմանալ ամէն բան, ինչ որ կապուած է Հայաստանի հետ: Ինծի ամէն ինչ հետաքրքիր է` պատմութիւնը, մշակոյթը, բնաշխարհը, տեսարժան վայրերը: Սիրեցի Հայաստանը ու կը ցանկայի կրկին վերադառնալ»- իր խօսքը աւարտեց Անտրէն:
Անի Յարութիւնեան
ԵՊՀ Լրագրութեն բաժանմունքի 2-ր շրջանի ուսանողուհի