ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Այցը ԱՄՆ Արեւելեան Հայոց Թեմ

Ապրիլ 1-ին աշխատանքային այցով Նիւ Եորք գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է ԱՄՆ Արեւելեան Հայոց թեմի Առաջնորդարան, ուր անոր  ընդունած է Թեմի առաջնորդ Տէր Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան: Հանդիպման ներկայ  եղած են Առաջնորդարանի վարիչ Արմէն Պայրպութեան, Հայ օգնութեան ֆոնտի Նիւ Եորքի գրասենեակի տնօրէն Գառնիկ Նանագուլեան եւ Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Սիմէոն Օտապաշեան:
Հանդիպման մասին «Հայերն այսօրի» թղթակիցին մանրամասներ  հաղորդած է Արեւելեան Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան:
Հանդիպման սկիզբը Սրբազան Հայրը Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս ԱՄՆ Արեւելեան Հայոց թեմի կատարած աշխատանքները եւ մանրամասնած այն բոլոր ձեռնարկները, որոնք իրականացուած են սուրիահայերուն օժանդակելու ուղղութեամբ:
Ողջունելով ներկաները` Հրանոյշ Յակոբեան խօսած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ճանաչողական, գիտակրթական, մշակութային ուղղուածութեան ծրագիրներուն մասին եւ կոչ ըրած, որ համայնքը նոյնպէս աշխուժօրէն մասնակցի ատոնց: Այնուհետեւ նախարարը հանգամանալից ներկայացուցած է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն ցուցաբերած բոլոր օժանդակութիւնները, որոնք կ’իրականացնէ ՀՀ կառավարութիւնը:
«Գործնական առումով շատ արդիւնաւէտ հանդիպում էր. տարբեր հարցերու շուրջ քննարկումներ ծաւալեցինք, յետագայ համագործակցութեան միտքեր փոխանակեցինք, որոնց իրականացման երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնեցինք հետամուտ ըլլալու,- «Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ աւելցուց,- Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ, որ Առաջնորդարանէն ներս այնքան ջերմ մթնոլորտ կը տիրէ, որ կարծես իր տան մէջ ըլլայ: Եւ ատիկա իսկապէս այդպէս է, քանի որ Առաջնորդարանը համայն հայութեան տունն է»:

23

 

Scroll Up