Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց ՀՀ-ի ՄԷջ Ճափոնի Դեսպանը
Յունիս 20-ին նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուն Եամադան եւ վերջինիս խորհրդական Կենիչիրօ Սասամէն:
Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան: Պարոն Եամադան շնորհաւորելով նախարարը` նշեց, որ հիացած է այն ամէնով, ինչ տեղի կ՛ունենայ ներկայիս Հայաստանի մէջ ու յոյսով է, որ Հայաստան-Ճափոն կապերն աւելի կ’ամրապնդուին: Դեսպանն անդրադառնալով նախարարութեան գործունէութեան` նշեց, որ կարեւոր կը համարէ այս կառոյցի առաքելութիւնը, քանի որ նախարարութիւնը կարծես կամուրջ ըլլայ արտասահման բնակող հայերուն եւ Հայաստանի միջեւ:
Կողմերն անդրադարձան նաեւ Ճափոնի մէջ բնակող փոքրաթիւ հայերուն: Դեսպանն այս առիթով նշեց, որ չնայած փոքրաքանակ ըլլալնուն, այդուհանդերձ, հայերը միշտ աչքի կ՛իյնան իրենց մշակոյթով ու կ՛աշխատին պահել ազգային դիմագիծը, որ, անխօս, միմիայն ողջունելի է: