Հանդիպում Քուէյթի Պետութեան Խորհրդարանի Հայ-Քուէյթական Բարեկամութեան Խումբի Պատուիրակութեան Հետ
Սեպտեմբեր 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Քուէյթի Պետութեան խորհրդարանի հայ-քուէյթական բարեկամութեան խումբի պատուիրակութեան ղեկավար, Քուէյթի խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆէյսալ Ֆահտ Ալշայիի գլխաւորութեամբ եւ ՀՀ-ի մօտ Քուէյթի Պետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պասսամ Մուհամմատ Ալ Քապանտիի ուղեկցութեամբ: Ողջունելով Քուէյթի Պետութեան խորհրդարանի հայ-քուէյթական բարեկամութեան խումբի պատուիրակութեան անդամները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպանատան հիմնումը նոր որակ հաղորդեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն: «Ուրախ եմ, յարգարժան Պասսամ Մուհամմատ Ալ Քապանտի, որ Դուք էք ներկայացնում Քոււէյթի պետութիւնը Հայաստանում», -ընդգծեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը`աւելցնելով, որ տպաւորուած է Հայաստանի պատուիրակութեան այցի ժամանակ Քուէյթի իշխանութիւններու հիւրասէր վերաբերմունքին:Նախարար Հ.Յակոբեան բարձր գնահատեց Քուէյթի մէջ հայ համայնքի հանդէպ իշխանութիւններու բարեհաճ վերաբերմունքը:«Քուէյթի Պետութեան բարի կամքով եւ հոգածութեամբ հնարաւոր է դարձել հայ համայնքի եկեղեցու, դպրոցի, մշակութային օճախների ստեղծումն ու զարգացումը»:Նախարարն իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ Սուրիական ճգնաժամի առաջին իսկ օրերէն Քուէյթի Պետութիւնը աջակցած,ֆինանսական օգնութիւն ցուցաբերած է սուրիահայերուն: Այդ աջակցութեան շնորհիւ Երեւանի Նար-Դոսի անուան թիւ 14 հիմնական դպրոցը 2014-2015 ուսումնական տարին սկսաւ` վերազինուած համակարգչային դասարանով: Իսկ քանի որ դպրոց կը յաճախեն մի քանի տասնեակ սուրիահայ երեխաներ, որոնք կը տիրապետեն
արաբերէնին, կրթօճախը պետական աջակցութեամբ ստացաւ արաբերէն լեզուի խորացուած ուսուցմամբ ուղղուածութիւն: «Յիրաւի, ճիշդ է 2014թ. օգոստոսի 18-ի ՄԱԿ-ի որոշումը, համաձայն որի` Քուէյթը ճանաչուեց «Միջազգային հումանիտար կենտրոն», իսկ Քուէյթի Էմիր շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ճապեր Ալ Սապահին մարդասիրական գործունէութեան համար արժանացաւ «Մարդասիրական առաջնորդ» կոչման», – նախարար Հ.Յակոբեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Քուէյթի խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆեյսալ Ֆահտ Ալ Շային նշեց, որ Քուէյթի Էմիր շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ճապեր Ալ Սապահի յանձնարարութեամբ ուրախ է օգնելու սուրիահայերուն, նպաստելու Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելուն: Պատուիրակութեան ղեկավարն իր պատրաստակամութիւնը ընդգծեց երկու երկիրներու համագործակցութեան սերտացման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ Քուէյթի հայերը բարեխիղճ եւ ազնիւ քրտինքով ապրող մարդիկ են:ՀՀ սփիւռքի նախարարը հաւաստիացուց, որ Քուէյթի հայ համայնքը լաւագոյն կամուրջն է երկու պետութիւններու միջեւ: ՀՀ սփիւռքի նախարարը Քուէյթի Պետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուց Աշտարակ քաղաքին մէջ «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցման ծրագիրը, խօսեցաւ պետութեան աջակցութեամբ սուրիահայերու համար կառուցուող թաղամասի առանձնայատկութիւններուն մասին: Պատուիրակութեան ղեկավար Ֆեյսալ Ֆահտ Ալ Շային նշեց. «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցումը մարդկասիրական ծրագիր է, եւ Քուէյթի Պետութիւնը կ’ըլլայ առաջին երկիրներէն մէկը, որ ֆինանսապէս կ’աջակցի ծրագիրի իրականացման»:Ֆեյսալ Ֆահտ Ալ Շային շեշտեց նաեւ պետական ներկայացուցչութիւններու փոխայցելութիւններու կարեւորութիւնը` երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ եւ ի նշան բարեկամութեան յուշանուէր յանձնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարին: Հանդիպման աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրերուն նուիրեց աշխարհահռչակ հայ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի նկարներու պատկերագիրքը: