ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպեցաւ «Նոււէլ տէ Արմէնի» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանին
Յուլիս 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Փարիզի մէջ հրատարակուող «Նոււէլ տէ Արմէնի» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու միութեան համանախագահ Արա Թորանեանը:
Զրոյցին ընթացքին կարեւոր համարուեցաւ մամուլի դերը` հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, համազգային գերակայ խնդիրները վեր հանելու, հայութիւնը համախմբելու եւ ազգային ինքնութիւնն ու միասնականութիւնը պահպանելու ճանապարհին:
Նախարարը հիւրին ծանօթացուց սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթներուն եւ ծրագիրներուն` տեղեկացնելով, որ ի թիւս հայրենաճանաչութեան եւ հայոց լեզուի ուսուցման տարբեր ծրագիրներու, կը կազմակերպուին նաեւ դասընթացներ լրագրողներու համար, որուն մասնակիցները Հայաստանի տեսարժան վայրերուն եւ մշակութային ժառանգութեան ծանօթանալէ զատ` կը հանդիպին ՀՀ կառավարութեան անդամներուն, մշակութային եւ հասարակական անուանի գործիչներուն, կը ծանօթանան տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ: Ինչպէս նշեց նախարարը, նման դասընթացներ կ’օգնեն աւելի խորքով ճանչնալ երկիրը եւ աւելի անաչառ ներկայացնել խնդիրները:
Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ այն իրողութիւնը, որ Հայաստան համայն հայութեան հայրենիքն է, եւ որ ամէն ինչ պէտք է ընել` պահպանելու եւ զարգացնելու երկրի ձեռքբերումները: