Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանէն Նոր Հունձք Մը Շրջանաւարտ Դարձաւ

Գանձասար- Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, որ կը վայելէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի հովանաւորութիւնը, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Յունիս 2018-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Արարատ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի, ազգային, միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հանդիսականներու հոծ բազմութեան:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներէն ետք, ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Մայիսեան հերոսամարտերուն ինկած քաջարի հայորդիներուն եւ Սուրիոյ նահատակներուն անմար յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան: Բարի գալուստի իր խօսքէն վերջ շնորհաւորեց մեր հայրենիքի անկախութեան 100-ամեակը եւ շեշտեց, որ 100-ամեայ յաղթանակը իսկական յարութիւն եւ սխրագործութիւն էր: Ապա ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները, մաղթելով հարթ ու կանաչ ճանապարհ դէպի լուսաւոր ապագայ:
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Սօսի Պետուրեան, փոխան պետական տնօրէնուհի Քինտա Նասսարի:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին եւ քաջարի զօրքին, որուն յաղթանակներուն շնորհիւ Սուրիական ասպնջական հայրենիքը իր խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը պիտի վերագտնէ:
Յայտագիրի առաջին բաժինով շրջանաւարտները ներկայացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման պատմական դէպքերը «Մայիս 28-ը, ամբողջ հայութեան կերտած լինելիութեան տօնը» խորագիրով, որուն աւարտին Նանար Գալայճեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց լիբանանահայ գրող Շահանդուխտի «Մայիսեան երգեր» քերթուածը:
Արաբերէն խմբային ասմունքով շրջանաւարտները Սուրիոյ եւ Պաղեստինի հնամեայ մայրաքաղաքներու գովքը հիւսեցին: Անոնք անդրադարձան պատմական այն իրողութեան, որ Սուրիոյ հիւրընկալ ժողովուրդը թեւ ու թիկունք կանգնած է ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ գրկաբաց ընդունած Պաղեստինի հալածեալ ժողովոււրդին զաւակները:
Այնուհետեւ արաբերէն հրաժեշտի խօսք արտասանեց շրջանաւարտ Լարա Աքքարի:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» բանաստեղծութեամբ: Շրջանաւարտները կրկնելով Ծառուկեանի խօսքերը, ինքնավստահ ու խրոխտ հաստատեցին, որ սփիւռքահայութիւնը օտար ափերու վրայ մեծ զոհողութիւններ կ’ընէ պահպանելու հայ գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Ապա փառաբանեցին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի փայլուն յաղթանակները:
Պահը հասած էր հնչեցնելու վերջին զանգը:
Արտա Գալայճեան հրաժեշտի խօսք արտասանելէ ետք, վարժարանի զանգը յանձնեց մանկապարտէզէն նոր վկայուած Փաթիլ Գոչեանին, թելադրելով հետագային ինքն ալ իր կարգին զայն յանձնէ յաջորդ սերունդներուն:
«Վերջին Զանգ»ի պարը խանդավառեց մթնոլորտը:
Շրջանաւարտները իրենց գեղեցիկ պարով հմայեցին ներկաները եւ արժանացան անոնց ջերմ ծափողջոյններուն:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Հուրի Տէյիրմէնճեան-Գարամարտեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացնելէ ետք ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը, իր խօսքը եզրափակեց մէջբերելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայաստանի Հանրապետութեան 100–ամեակին առիթով յղած կոնդակէն բաժին մը:
«Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նոյնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան յատկանշական երեւոյթներէն են: Մեր պատմութիւնը հարուստ է բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչումներով: Այսպէս եղաւ 28 Մայիս 1918 թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ հայ ժողովուրդը, բոլոր ժամանակներու հաւատքով թրծուած եւ վճռակամութեամբ զինուած, վերահաստատեց ինքնուրոյն պետակամութեամբ, իր հայրենի հողին վրայ ազատօրէն ապրելու իր հաւաքական կամքը»:
Այնուհետեւ բեմահարթակ ներկայացան 36 շրջանաւարտները ու Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի ձեռամբ ստացան իրենց վկայականները:
Այս առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը շրջանաւարտներուն նուիրեց Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին արեւմտահայերէն հրատարակութենէն օրինակներ:
Վկայականաց բաշխման աւարտին պարգեւատրուեցան 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի աւարտական քննութեան պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրած հետեւեալ աշակերտները.-
Ճէյմս Պետրեան 305
Արի Կարպուշեան 300
Օտէթ Տպպանէ 298
Սարին Գարակէօզեան 298
Ինչպէս նաեւ գնահատանքի արժանացան այն աշակերտները, որոնք զանազան մրցումներու մասնակցելով առաջնակարգ դիրքեր գրաւած էին:
Արազ Պետուրեան եւ Գառնի Մանճեան (գծագրութիւն), Նարեկ Տէյիրմէնճեան (բինկ բոնկ), Շուշի Մանճեան (գիտութիւն):
Հուսկ, քահանայ հայրը շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները, գնահատական խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերուն ու ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի առիթով թոյլ տուէք այս օրուան շրջանաւարտները անուանել Արամ Մանուկեան սերունդ: Ուստի պարտաւորութիւններ կը դրուին ձեր ուսերուն, սիրելի՛ շրջանաւարտներ, սիրեցէ՛ք մեր ոսկեղնիկ մայրենի լեզուն, ծառայեցէ՛ք հայ ազգին, երախտապա՛րտ եղէք հայ դպրոցին ու Սուրիական Հայրենիքին, ամո՛ւր կառչած մնացէ՛ք հայ եկեղեցւոյ ու 100-ամեայ մեր անկախ հայրենիքին»:
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ քահանայ հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Ներկաները գոհունակ սրտով մեկնեցան սրահէն՝ ի տես բոյլ մը աստղերու, որոնք պիտի լուսաւորեն մեր երկնակամարը ու փառապանծ մեր ազգին պատիւը դառնան:
Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան