Դրամական Օգնութիւնը Փոխանցուեցաւ Քեսապահայութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/download-14.jpg)
Ապրիլ 13-ին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան միջոցով «Համահայկական հիմնադրամ»-ի կողմէ քեսապահայութեան յատկացուած դրամական առաջին օգնութիւնը` 63 060 (վաթսուներեք հազար վաթսուն) ԱՄՆ տոլար, փոխանցուած է Լաթաքիոյ շտապօգնութեան մարմինին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին յայտնեցին ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:
Ծանր կացութեան մէջ յայտնուած քեսաբահայութիւնը իր խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՀ Նախագահին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, հայրենիքի ժողովուրդին եւ համայն հայութեան` օրհասական այս պահուն զօրակցութեան, բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար: