Նոր Տեղեկութիւններ Քեսապէն. Անյայտ Կորած 7 Հայերէն 3-ը Յայտնուած Են

ՍԴՀԿ փոխատենապետ Վազգէն Մեսրոպեան HayNews.am-ին նոր տեղեկութիւններ յայտնած է Քեսապէն:
«Անհետ կորած 7 քեսապցիներէն 3-ը յայտնուած են: Անոնք տարեցներ են, որոնք պարզապէս չեն ցանկացած լքել իրենց տուները: Անոնք են Ծովիկ Մանջիկեանը, Սեմ Փոլատեանը եւ Լիւտեր Թըրթըրեանը: Իսկ օրեր առաջ Քեսապի մէջ հայ երիտասարդ մը սպաննուած էր` Գէորգ Ճուրեանը: Ան զինուորական կօշիկներ հագած էր ու ահաբեկիչները, կարծելով, որ ան սուրիական բանակի զինուոր է, սպաննած էին»,-յայտնած է ՍԴՀԿ փոխատենապետը:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպին` Մեսրոպեան յայտնեց, որ վերջին օրերուն պարբերաբար կը գնդակոծուին Հալէպի հայաշատ թաղամասերը. «Նաեւ այսօր ապստամբները յարձակում գործած են հայաշատ Նոր գիւղ թաղամասի վրայ»:
Վազգէն Մեսրոպեան նաեւ ըսաւ, որ ինք անձամբ Թուրքիա զանգահարած ու պարզած է, որ 19 քեսապցի եւ 2 հալէպցի այժմ կը բնակին Վագըֆ գիւղի հայկական եկեղեցւոյ մէջ: