Հակառակ Հալէպի Հայահոծ Թաղերուն Վրայ Հրասանդի Հրթիռներու Տեղատարափին. ՀՅ Դաշնակցութեան 123-ամեակին Նուիրուած Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/12/tashnag-420x286.jpg)
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ին, Հալէպի Սիւլէյմանիէ շրջանի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 123-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը` անտեսելով Հալէպի դիմագրաւած դժուար եւ տագնապալի պայմանները:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով ՀՅԴ-ի նահատակներուն եւ Սուրիոյ ու սուրիահայութեան բիւրաւոր զոհերուն յիշատակը, ապա հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները:
Օրուան պատգամը փոխանցեց տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան, որ հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան օրը առիթ կը նկատուի հաշուետուութիւն կատարելու: Բանախօսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ եւ մանաւանդ սուրիահայութեան հետ կապուած զարգացումներուն` դիտել տալով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին հիմնական պատգամը այն է, որ Սուրիա պէտք է շարունակէ պահպանել ամբողջական համակեցութեան սկզբունքն ու անոր վրայ հիմնուած պետական եւ հասարակական համակարգը` բացառելով բռնամիջոցը, մերժելով ներսուրիական բախումները եւ միայն քաղաքական երկխօսութեամբ լուծելով հարցերը: