Համազգայինի «Սարդարապատ» Եւ «Շուշի» Պարախումբերը Վերստին Ծաղկեցուցին Հալէպի Մշակութային Բեմահարթակը
Գանձասար- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Կիրակի, 3 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամները, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հանդիսականներ:
Սուրիոյ եւ ՀՀ քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նահատակներուն յիշատակը:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արա Մութաֆեան: Ան ողջունելով ներկաները ներկայացուց պարարուեստի կարեւորութիւնը, որ իրականութեան մէջ ժողովուրդի մը մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան արտայայտութիւնն է:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Սեւան Տէյիրմէնճեան: Ան անդրադառնալով Համազգայինի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարարուեստի դպրոցներուն ըսաւ. «Այնքան ատեն, որ այս պարախումբերու մանուկներն ու երիտասարդները կը շարունակեն ապրիլ Հալէպ, Համազգայինի հայաշունչ հովանիին ներքեւ, անոնք պիտի ուխտեն պահել եւ զարգացնել հայկական պարարուեստը»:
Հանդիսավար Մարմանդ Աշոտեան իր հաճելի ներկայութեամբ եւ գեղարուեստական մէջբերումներով հարստացուց ձեռնարկը:
Զոյգ պարախումբերու անդամները նրբաճաշակ տարազներով, ժպտադէմ եւ հեզաճկուն շարժումներով ներկայացուցին հայկական եւ օտար պարեր՝ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով սրահէն ներս:
Ակնառու էր զոյգ պարախումբերու թուական աճը եւ նոր որակ ձեռք բերելու հետեւողականութիւնը:
Վերջին պարը՝ «Հզօր Հայաստան»ը միասնաբար ներկայացուցին «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը: Անոնք թնդացուցին բեմը եւ արժանացան հանդիսականներու բուռն ծափողջութիւններուն:
Ելոյթի աւարտին բեմ հրաւիրուեցան «Սարդարապատ» պարախումբի հայրենի վաստակաւոր պարուսոյց Յակոբ Մարգարեան եւ «Շուշի» պարախումբի հալէպահայ պարուսոյց Վրէժ Թէրզեան: Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ Յարութ Պարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ պարուսոյցներուն՝ գնահատելով անոնց բծախնդիր աշխատանքը: «Ապրի՛ք, սիրելի՛ երիտասարդներ, թող այս ժպիտը եւ ուրախութիւնը մշտապէս ընկերակցին ձեզի, ձեր կեանքի բոլոր օրերուն: Պատերազմական պայմաններու մէջ պարախումբ պահելն ու զարգացնելը էական էր մեր գաղութի մշակութային կեանքը ծաղկուն պահելու եւ երիտասարդութիւնը հայ մշակոյթին ծանօթացնելու համար», ըսաւ ան:
Այնուհետեւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ Յարութ Պարոնեան եւ «Սարդարապատ» ու «Շուշի» պարարուեստի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Երէցեան-Պոյաճեան հաստատագիրներ յանձնեցին «Շուշի» պարարուեստի դպրոցի շրջանաւարտներ Նանոր Մարտիկեանին եւ Սէսիլ Պազարպաշեանին՝ զանոնք փոխանցուած յայտարարելով «Սարդարապատ» պարախումբ:
Ելոյթը պիտի կրկնուի Կիրակի 10 եւ 17 Յունիսին:
«Ն. Աղբալեան» Մսնճղ.-ի
Մամուլի Յանձ.