«Հայ Դպրոցը Հայապահպանութեան Միջնաբերդն Է. Հայ Դաստիարակը՝ Միջնաբերդին Թագաւորն Ու Թագուհին». Արմաշ Սրբազան
Շաբաթ, 27 Փետրուար 2016-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Դամասկահայ վարժարաններու հայ ուսուցիչներու գնահատանքի հաւաքը: Դամասկահայ Շտապ Օգնութեան Մարմինի (ԴՇՕՄ) հրաւէրով հաւաքին ներկայ էին 75-է աւելի հայերէնի եւ հայ ուսուցիչներ: ԴՇՕՄ-ի անունով բացման խօսք արտասանեց տիար Պօղոս Խաճարեանը բացատրելով հաւաքին նպատակը, զոր հայ ուսուցիչին զօրաւիգ կանգնիլն է, աջակցիլը եւ զինք գնահատելը: Ապա Հայ Կաթողիկէ Դամասկոսի Ժողովրդապետ Տ Գէորգ Վրդ. Պահէեանը ողջունեց ներկայ ուսուցիչները եւ յայտնեց իր զօրակցութիւնն ու յարգանքը անոնց ծառայութեան հանդէպ: Աւարտին իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, գնահատելով հայ ուսուցիչին հերոսական ծառայութիւնը, որ առանց տկարանալու եւ վհատելու Սուրիոյ մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն դիմաց, քաջաբար կը շարունակէ հայ մանուկը թրծել հայկական ոգով եւ ջամբել հայեցի դաստիարակութեամբ: Սրբազան Հայրը ի մասնաւորի շեշտելով ըսաւ. «Դամասկահայ Շտապ Օգնութեան Մարմինի պարտականութիւնն է օժանդակութիւն եւ օգնութիւն հայթայթել եւ մատակարարել Դամասկահայ ընտանիքներուն: Սակայն չի մոռնար եւ չէ մոռցած նաեւ հայ մեծ եւ կարեւոր ընտանիքը. ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ: Այս սկզբունքով առաջնորդուելով յղացաւ հայ ուսուցիչին սատար կանգնելու ազնիւ ծրագիրը: Հայ դպրոցը պահելը անհրաժեշտութիւն մըն է այսօր առաւել քան երբեք: Հայ դպրոցը այսօուայ դժուարին պայմաններուն առհաւատչեան է մեր գաղութին ապագայի տեսլականին: ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՆԱԲԵՐԴՆ Է. ԻՍԿ ԴՈՒՔ՝ ՄԻՋՆԱԲԵՐԴԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՆ ՈՒ ԹԱԳՈՒՀԻՆ»: