ՀՀ Նախագահի Շնորհաւորական Ուղերձներու Յանձնման Արարողութիւն Սուրիոյ Մէջ

Յունուար 19-ին Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան Դամասկոսի առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Դամասկոսի հայկական ուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարներուն փոխանցեց  ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձներն ու դրամական նուիրատուութիւնները` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաուտեանը, թեմական եւ գաւառական ժողովներու ու միութիւններու ղեկավարներ, հոգաբարձուներու խորհուրդներու անդամներ եւ  դպրոցներու տնօրէններ:

Հանդիսաւոր պայմաններու մէջ դեսպան Արշակ Փոլատեան ընթերցեց ՀՀ նախագահի ուղերձը, ուր, ջերմօրէն շնորհաւորելով հայկական դպրոցներու ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներն ու սաները, իր համոզումը յայտնեց, որ բարեկամ Սուրիոյ մէջ մօտ ապագային կը տիրէ սպասուած խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը` ընդգծելով որ թէ՛ Հայաստանը, եւ թէ՛ համայն հայութիւնը կ’աջակցին եւ պիտի աջակցին սուրիահայերուն` վերագտնելու խաղաղութիւն եւ պահպանելու իրենց օճախները:

Իրենց շնորհակալական ելոյթներուն մէջ Դամասկոսի հայկական դպրոցներու ղեկավարներն ու հոգեւոր հայրերը բարձր գնահատեցին ՀՀ նախագահ պարոն Սերժ Սարգսեանի ջերմ վերաբերմունքն ու հոգատարութիւնը ծանր օրեր ապրող սուրիահայ գաղութին նկատմամբ եւ երախտագիտութեամբ ընդունեցին ՀՀ նախագահի կողմէ ցուցաբերուած դրամական օժանդակութիւնը: Այս մասին «Հայերն այսօր» -ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up