ՀՀ Սփիւռքի Եւ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութիւններու Աշխատակիցներու Այցը Լիբանան

Մայիս 30-էն յունիս 3 Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, Արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժինի պետ Կարէն Մնացականեանի, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանի եւ Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան Համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժինի պետ Անահիտ Դաւթեանի աշխատանքային այցը Լիբանան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հայ համայնքներու հետ տարուող աշխատանքներու դիւանագէտ Վլատիմիր Պօղոսեանը, ելլելով 2017թ. իրականացուած ծրագիրի տրամաբանական շարունակութենէն` հանդիպումներ կազմակեպուեցան 14 հայկական քոլեջներու, վարժարաններու տնօրէններու, ուսումնական խորհուրդներու ատենապետներու հետ, որոնք կը ներկայացնեն Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները: Հանդիպումներու հիմնական նպատակն էր` նպաստել լիբանանահայ վարժարաններու հայապահպան գործունէութեան, փոխադարձ ճանաչողութեան, լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու ներկայ խնդիրներու, մասնաւորապէս` հայագիտական առարկաներու դասաւանդման համար ուսուցիչներու վերապատրաստման, ուսումնական եւ մեթոտական գրականութեան ապահովման հարցերու շուրջ մտքերու փոխանակութեան եւ յետագայ քայլերու մշակման: Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններու տնօրէնները ՀՀ գիտակրթական բնագաւառի աշխատանքներու իրականացմամբ զբաղուող պետական ծառայողներէն ստացան անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին իրենց յուզող խնդիրները:
Պատուիրակութեան անդամները յունիս 1-ին այցելեցին Այնճար: Նոյն օրը Լիբանանի ՀՀ դեսպանատան մէջ` դեսպան Ս. Մկրտչեանի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին ամփոփուեցան նախնական արդիւնքները:
Լիբանանեան այցի ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հանդիպեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ին, Տանն Կիլիկիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի-ին եւ ՄԱՀԱԵՄ նախագահ, վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին ու Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմնի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոստեանին:
Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան նաեւ շարք մը համայնքային ձեռնարկներու , այցելեցին «OTV» հեռուստաընկերութիւն, լիբանանահայ «Սեւան» ռատիոկայան եւ լիբանանահայ օրաթերթերի գրասենեակներ:
Մասնագէտներու այցի ընթացքին հնարաւոր եղաւ իրականացնել ծրագիրի գլխաւոր նպատակը` ստեղծել գործնական կապեր ՀՀ ԿԳՆ եւ ՍՆ համապատասխան ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչներու եւ Լիբանանի մէջ գործող վարժարաններու տնօրէններու հետ, որոնք պէտք է այսույետ ըլլան շարունակական եւ աւելի ամրապնդեն յետագայ սերտ համագործակցութիւնը:
Տեղեկանք. այս ծրագիրը կը կրէ պարբերական բնոյթ եւ 2017 թուականին նման առաքելութեամբ Լիբանան այցելած էին ՀՀ առաջատար համալսարաններու փրոֆէսորա-դասախօսական կազմի ներկայացուցիչներ, որուն շնորհիւ անցած տարի ՀՀ-ի մէջ գրանցուեցաւ լիբանանահայ ուսանողներու թիւի աննախադէպ աճ: Դիմորդներու թիւը կրկնապատկուեցաւ` հասնելով 83-ի: