Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միջագգային Ակադեմիան (ABBA) Կը Մասնակցի ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան» Նախաձեռնութեան

Հալէպի մէջ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միջագգային Ակադեմիան (ABBA) կը միանայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան “Հայերն Այսօր” լրատուական կայքի Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող նախաձեռնութեան։

Հակառակ Հալէպի պատերազմական ծանր պայմաններուն Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան 200-ի մօտ կրտսեր մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին խմբանկարով ու անհատական նկարներով՝ իւրաքանչիւրը ձեռքին բռնած տարսեր լեզուներով գրուած (ներառեալ չինարէն)՝ «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան» ցուցանակ մը:

 Արդարեւ, Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը, Հայ դատի բաղադրիչը հանդիսացող Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրական եւ հատուցման աշխատանքը առաջնահերթ նպատակ կը սեպէ, իսկ մարզիկները քաջ կը գիտակցին, որ իրենք Հալէպի մէջ թէեւ ծանր վիճակի մէջ են, սակայն ազգի Դատը ու մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնը անհրաժեշտութեան եւ պարտականութեան խնդիր է, որ ամէն ինչէ վեր է:

  sr8 sr9

sr7sr6sr1s3s10s11

Scroll Up