Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներն Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/04/1-17.jpg)
Ապրիլ 10-ին Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մեծ Բրիտանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները` հոգեւոր հովիւի` Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իսլանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի ուղեկցութեամբ:
Հանդիպման կը մասնակցէին Լոնտոնի համայնքային շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Ռամելիա Ղազարեան, դպրոցի հոգաբարձութեան վարչութեան ատենապետ Հրաչ Ղազարեան, Թէքէյեան մշակութային միութեան ատենապետ Կարէն Արեւեան, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ անդամական ժողովի ատենապետ Տիգրան Պետրոսեան, Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամ Սեդրակ Կարամֆիլեան, Մեծ Բրիտանիոյ հայ համայնքային խորհուրդի փոխատենապետ Զօրիկ Գասպարեան, առաջնորդարանի ծրագրային կոմիտէի պատասխանատու Պետրոս Ասլանեան, Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահան Գրիգորեան:
Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Մեծ Բրիտանիոյ մէջ հայկական համայնքի համախմբուածութիւնը, հոգեւոր առաջնորդի, ազգային գործիչներու ներդրումը ինքնութեան, լեզուի, մշակոյթի ու աւանդոյթներու պահպանման գործին մէջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ դպրոցի դասագիրքերու, ուսուցիչներու վերապատրաստման հարցերուն, Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներուն առաւել աշխոյժ մասնակցութեան:
Քննարկուեցան նաեւ Թէքէյեան մշակութային միութեան միասնական համահայկական հարթակ ստեղծելու, Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի հիմնախնդրի լուծման, Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման հետ կապուած հարցեր, նախանշուեցան ատոնց իրականացման ուղիներն ու հնարաւորութիւնները: