ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Դիւանագիտական Դպրոցէն Ներս Հանդէս Եկաւ Դասախօսութեամբ

Դեկտեմբեր 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց Դիւանագիտական դպրոց, ուր հանդէս եկաւ «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հիմնախնդիրները» թեմայով դասախօսութեամբ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց հայկական Սփիւռքի ձեւաւորման փուլերը, անդրադարձաւ հայրենադարձութեան խնդրին եւ ներկայացուց նախորդ փորձը:

Նախարարը խօսեցաւ համազգային առաջնահերթութիւններուն մասին:

Նախարարը անդրադարձաւ ոլորտին առնչուող խնդիրներուն, ատոնց լուծման հնարաւոր հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ, Հայկական սփիւռքին առնչուող բազում հարցերու:

Դասախօսութեան աւարտէն ետք  տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերեալ:

Աւարտին ցուցադրուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները ներկայացնող տեսաֆիլմ:

Հրանոյշ Յակոբեան դիւանագիտական դպրոցին նուիրեց Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ հրատարակուած գիրքեր:

2 3

Scroll Up